«ԵՐԿՈՒ ՀԱՅԵԱՑՔ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ
Քըզըլթոփրաքի IMOGA արուեստի սրահին մէջ բացուեցաւ Հայաստանէ գեղանկարիչներ Արծրուն Ապրեսեանի ու Աշոտ Եանի համատեղ ցուցահանդէսը։ «Երկու հայեացք» խորագրեալ ցուցահանդէսը համակարգած է Պայքար Տեմիր։


Ճազի միջազգային օրը անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ խանդավառութեամբ։ 2011 թուականէն ի վեր Ապրիլի 30-ը կը նշուի որպէս ճազի միջազգային օր։
Համաշխարհային պարի օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր ձեւով, խանդավառ ձեռնարկներով։ Երեւանի քաղաքապետարանն ու «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը միասնաբար կազմակերպեցին «Հիրուր խեդ» խորագրեալ ծրագիրը։ Այս շրջագծով, Ազատութեան հրապարակին վրայ աւելի քան 15 համոյթներու 400 պարողներ հանդէս եկան ելոյթով մը։
Աշխարհահռչակ արուեստագէտը Երեւանի մէջ այցելեց Կոմիտասի թանգարանը:
Ապրիլ 28-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մէջ տառապեալ մարդոց վիշտերն ու դժբախտութիւնները երգի վերածած եւ յուսահատ սրտերուն սփոփարար շունչ հասցուցած բանաստեղծ, երգիծագիր, մանկագիր ու թարգմանիչ Աղեքսանդր Ծատուրեանի։