ԱՄՈՔԻՉ ԱՐՈՒԵՍՏԸ…
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արուեստը կ՚ամոքէ մարդուն ցաւերը. իմաստութիւն մը, որ դարեր շարունակ ինքզինք արդարացուցած է: Կեանքի դժուարութիւնները, պատուհասները եւ անոնց պատճառած ցաւը գրականութեան, թատրոնի, շարժապատկերի եւ արուեստի միւս ճիւղերուն միջոցաւ յաղթահարելու դարաւոր ճանապարհ անցած է մարդը: