ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ՝ ԵՆՈՎՔ ԱՐՄԷՆԻՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ենովք Արմէն եւ Վահրամ Փափազեան… արեւմտահայ երկու նշանաւոր գործիչներ, որոնք մեծագոյն հետք ձգած են թէ՛ արեւմտահայ, թէ՛ արեւելահայ եւ թէ սփիւռքահայ արուեստի եւ պատմութեան մէջ: Վահրամ Փափազեանը Պոլիս ծնած է, իսկ Ենովք Արմէն, ծնած ըլլալով Էֆքէրէ, Պոլիս փոխադրուած է շատ փոքր տարիքին։