«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ»
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1947 թուականին «Անահիտ» հանդէսին մէջ հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի տպագրած մէկ յօդուածը՝ արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան հարցերու շուրջ, այսօր համահունչ է լեզուական մեր մտահոգութիւններուն: Այսօր ալ հայութեան զանազան շրջանակներու մէջ կը քննարկուին արեւմտահայերէնի պահպանման հարցերը եւ ջանքեր կը գործադրուին՝ զայն պահելու ուղղութեամբ: