Ընկերա-մշակութային

ԿԱՐՕ ՓՕԼԱՏԵԱՆ-ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Մեր ուժերը հին գորգի մը պէս թանկարժէք բայց անգործածելի» - Ա
Պատմութեան անցած սփիռքահայ երկու ուրոյն դէմքերու՝ Կարօ Փօլատեանի եւ Վահէ Օշականի միջեւ զրոյցը հրատարակուած է 1970 թուականին՝ Կարօ Փօլատեանի «Զրոյց»ներու շարքի չորրորդ հատորին մէջ։

ԺԱՄԱՆԱԿԸ՝ ՍԻՐՈՅ ԱՄԵՆԱԱՆԿԵՂԾ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Քու վարդդ միւս վարդերէն աւելի կարեւոր դարձնողը անոր յատկացուցած ժամանակն է», կ՚ըսէ Փոքրիկ Իշխանը։ Այս պարզ նախադասութեան մէջ թաքնուած է մարդկային յարաբերութիւններու ամենախոր ճշմարտութիւններէն մէկը։

ԿԵՍԱՐԻԱ ԾՆԱԾ ՀԱՅ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐՆԵՐ, ՈՄԱՆՔ՝ ՄՈՌՑՈՒԱԾ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քաղաքները երբեմն իրենց աշխարհագրական սահմաններէն շատ աւելի ընդարձակ նշանակութիւն մը կը ստանան։ Անոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին յիշողութեան վայրերու, մշակութային հանգոյցներու եւ ինքնութեան դարբնոցներու։ 

ԴԱՏԵԼՈՒ ԴԻՒՐՈԻԹԻՒՆԸ, ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբեմն մէկը մեր դիմաց կը նստի, քանի մը նախադասութիւն կը լսէ մեր կեանքէն եւ կարծես թէ ամբողջ պատմութիւնը գիտցած ըլլայ, անմիջապէս կը սկսի մեզի ըսել՝ ի՛նչ պէտք է ընենք։ «Այսպէս պէտք է վարուէիր», «պէտք չէր այդքան կապուիլ», «պէտք է ձգէիր ու երթայիր», «ես քու տեղդ ըլլայի՝ երբեք այդ որոշումը չէի առներ»։

ԲԱՆԱԼՈՎ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿԻ ՇՔԱՊԱՀԱՐԱՆԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ընկերային ցանցերու վաճառքի էջերուն մէջ այսօր յաճախ կը հանդիպինք այսպիսի խորագրերով յայտարարութիւններու․ «Խորհրդային ժամանակներու իրեր կը վաճառուին», «Մեծ մամայիս սպասքէն մնացած է», «Չգործածուած օժիտի իրեր», «Հին բիւրեղապակի», «Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող շքապահարան, պիւֆէ» եւ այլն։

ԳՈՐԳԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԷՋԸ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՂՕԹԱԳՈՐԳԵՐՈՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գորգը լուռ արուեստ մըն է, ո՛չ մէկ բան կը պատմէ բառերով, սակայն, երբեմն կրնայ պատմել ամբողջ ժողովուրդի մը աշխարհընկալումը։
Անոր վրայ դրուագուած արուեստը կարդալը ինքնին արդէն արուեստ է․ գորգի մը վրայ պատկերուած ծառը կրնայ յաւերժութեան նշան ըլլալ, խաչը՝ հաւատքի վկայութիւն, կամարը՝ տաճարի յիշողութիւն, թռչունը, կենդանին, ծաղիկը, ամէն մէկ գիծը իրենց նշանակութիւնը ունին։

ԵՐԿՈՒ ԴԷՄՔ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ. ՀԱՅԵԼԻԻՆ ՄԷՋ ՕՏԱՐԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կեանքի մէջ, թերեւս, ամենէն դժուար հանդիպումը այն է, երբ մարդ վերջապէս կը հանդիպի ինքն իրեն։ Ո՛չ թէ այն «ես»ին, զոր ուրիշներուն կը ներկայացնէ, ո՛չ թէ այն դէմքին, զոր տարիներու ընթացքին սորված է կրել, այլ այն լուռ ու անպաշտպան մարդուն, որ իր ներսը կը մնայ՝ երբ բոլորը կը հեռանան, երբ սենեակը կը լռէ, երբ հեռաձայնը չի զանգեր, երբ այլեւս կարիք չկայ ոեւէ մէկուն բան մը ապացուցելու։

ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

* ԱՐՄԱՇԻ դպրեվանքին Զ. դասարանի աշակերտները գրով մը Սրբազան Պատրիարք Հօր տեղեկացուցած էին, թէ իրենց շրջանը լրացուցած ըլլալով Պոլիս պիտի գան՝ ստանալու համար վարդապետական աստիճանը եւ վեղարի օրհնութիւնը:

Էջեր