ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՆՔԱՀԱՅՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ռուսահայ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ միւռոնօրհնէքի արարողութեան կնքահայրը հանդիսացած էր։
Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ արդէն հոգեւոր կեանքի եռուզեռն ու ուրախութիւնը զգալի են։ Շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուած Մայր Տաճարին մէջ այս օրերուն ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, շաբաթավերջի վերաօծումէն վերջ, մէկ շաբթուան տեւողութեան ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Մայր Տաճարի մէջ։
«Մեր յոյսն ու հաւատը առկայ փորձութիւններու մէջ պիտի ջանանք զօրացնել, ամուր եւ վառ պահել, որպէսզի մեր կեանքէն ներս առատացնենք Աստուծոյ օրհնութիւնները։ Կը հաւատանք, թէ Տիրոջ պատգամներու իրագործումով մեր ժողովուրդը պիտի գտնէ իր վերելքի ուղիները՝ ամոքելով վէրքերը եւ ընթանալով դէպի խաղաղ ու ապահով հանգրուաններ»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան կը պատարագէ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ, որ երէկ առաւօտ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագով։
Համայն հայութեան սիրտը այս շաբաթավերջին կը տրոփէ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր այսօր տեղի կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութիւն, իսկ վաղը կ՚օծուի ու պաշտամունքի կը վերաբացուի՝ ամենայն հայոց սրբութիւն սրբոց Մայր Տաճարը, որու ամրակայման երկարատեւ աշխատանքներու աւարտին ծնունդ առած է համազգային հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ