Եկեղեցական

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ս. Քաղաքի վիճակաւորը՝ Հուսամ Նաում արքեպիսկոպոսը, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ հայոց վանքը:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ Կալկաթայի եկեղեցական վարչութեան եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տնօրէնութեան համատեղ հրաւէրով։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կոչ՝ արդար խաղաղութեան հաստատման համար:
«COP-29» գագաթաժողովին զուգահեռ՝ Վեհափառ Հայրապետը վերստին արծարծեց՝ Պաքուի հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հարցը:

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներու հերթական խումբը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ

Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-

Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին վրայ միջազգային կարեւոր գիտաժողով մը՝ բազմակողմանի օրակարգով:
Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ նախաձեռնութիւն՝ ձօնուած Մխիթար Աբբահօր վախճանման 275-րդ տարելիցին:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առթիւ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Էջեր