Եկեղեցական

ՀԱԼԸՃԸՕՂԼՈՒԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Երէկ, Հալըճըօղլուի գերեզմանատան Ս. Ստեփանոս մատրան մէջ պատարագեց ու քարոզեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Համանուն սուրբի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ գողտրիկ սրբավայրին մէջ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան տօնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

ԱՆԱՐԳԱՆՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները ընդունուեցան Իսրայէլի սփիւռքի նախարարին կողմէ:
Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան Ամիխայ Շիկլիի ուշադրութիւնը հրաւիրեց հրեայ ծայրայեղականներու արարքներուն վրայ:

ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԱՒԱՈՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը։ Երէկ երեկոյեան, քաղաքիս Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը պատարագեց Շիշլիի Լուրտի Ս. Աստուածածին վրացական եկեղեցւոյ մէջ։

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԻՆ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Եկէ՛ք Տիրոջ լոյսովը քալենք» (Եսայի Բ. 1-22)։
Եսայի մարգարէին այս խօսքերը քաղուած են այն ընթերցումէն, որ հայերէնով կարդացինք Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայապետը մեր մէջ կը գտնուէր Իսթանպուլ՝ 29 նոյեմբեր 2025-ին։

ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմէն ներս, Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի ընդառաջ, երէկ, հոգեւոր մեծ ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, շուրջ տարի մը տեւած հիմնանորոգումէ վերջ, հանդիսաւոր կերպով օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին։

ԳՀԽ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՈՒՐՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) Հայաստանի անդամներու ժողովը: Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ առկայ բռնաճնշումներուն, տասն եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին եւ այդ մէկուն պառակտիչ հետեւանքներուն, Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիներուն:

Էջեր