ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութիւն մը, որ միեւնոյն ժամանակ եկաւ բնորոշել մեր այս յատկանշական սրբավայրի պաշտամունքի վերաբացումը։
ԵԵՔ-ի գործադիր մարմինը տարեկան ժողովը կը գումարէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց շարք մը պաշտօնական հիւրեր։ Այսպէս Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Սերպիոյ Պաշտպանութեան նախարար Պրաթիսլաւ Կաշիչի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակով, Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր։ Այս տարի Ս. Գեղարդը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար պիտի իջեցուի Նոյեմբերի 28-ին եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի ուխտաւորներուն երկրպագելու Սուրբ Նշանին եւ համբուրելու՝ հայց մատուցելու առ Աստուած, որպէսզի Տէրը հոգիի եւ մարմնի բժշկութիւն, հաւատքի ամրութիւն եւ արիութիւն շնորհէ անոնց։ Սուրբ Գեղարդը Մայր Տաճարի մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուան երեկոյեան ժամերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» տարեկան մրցոյթի 2015 թուականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան ջանքերով, որոնց կը միանայ նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը։