ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։
Երեւանի արուարձաններէն Արաբկիր թաղամասին մէջ ներկայիս կը կառուցուի նոր եկեղեցի մը, որու շինարարութեան աշխատանքները կ՚ընթանան թափով։ Մինչ այս մեծ թաղամասի հաւատացեալները կը սպասեն իրենց նորակառոյց աղօթատան բացման՝ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցան այս եկեղեցւոյ խաչերը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց 2016 թուականի եկեղեցական օրացոյցները։ Պաշտօնական օրացոյցը կազմուած է Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէքը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էտուար Շարմազանով։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

