ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԴԱՒԻԹ ԱՐՔ. ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարտ 14-15-ի գիշերը Լիոնի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Դաւիթ Արք. Սահակեան։ Յետ երկարատեւ հիւանդութեան ան 81 տարեկան հասակին հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր արդէն աւարտեց Իսթանպուլ կատարած իր այցելութիւնը։ Ծանօթ է, որ շաբաթէ մը ի վեր ան կը գտնուէր քաղաքիս մէջ եւ անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Անգարա։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր կ՚աւարտէ Իսթանպուլ կատարած իր «անպաշտօն», «մասնաւոր» հերթական առեղծուածային այցելութիւնը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի լայն արձագանգ ստեղծած է Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութիւնը, մանաւանդ, որ ան շաբաթավերջին մեկնած է նաեւ Անգարա։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ազգային բարերար Սէրկէյ Սարգիսովին (Ռուսաստան) շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը։ Նորին Սրբութիւնը Սէրկէյ Սարգիսովը պարգեւատրեց՝ բարձր գնահատելով անոր կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար մատուցուած ազգանուէր ծառայութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեանին յատուկ արարողութիւնով մը շնորհուեցաւ ծայրագոյն վարդապետական աստիճան։
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Մեր ստացած տեղեկութիւններով, ան նախընթաց օր ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚իջեւանի Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ։ Իր կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յաջորդ շաբթուան առաջին օրերը։