Տ. ՍԱՍՈՒՆ Ծ. ՎՐԴ. ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՆ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ ան պիտի ստանձնէ Լաս Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚այցելէ Սուրբ Երուսաղէմ։ Ծանօթ է, որ Սուրբ Քաղաքին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս Կիրակի պիտի տօնախմբէ Ս. Զատիկը, ըստ հին տոմարի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը հաշմանդամ պատանիներ։ Ի ծնէ հաշմանդամ եւ մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող Աշտարակ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ եւ Յասմիկ Խաչատրեանները կը պատրաստուին դարմանման համար մեկնիլ Գանատա եւ այս ուղեւորութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու համար։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւարտեցին իրենց զօրակցութեան այցելութիւնը դէպի Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժեշտ առնելով վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։