ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ
Մարսէյլի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր Փարիզի նախկին «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրապետուհի հանգուցեալ Արփիկ Միսաքեանի յիշատակին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին արժեւորուեցան թէ՛ Արփիկ Միսաքեանի վաստակը եւ թէ «Յառաջ» օրաթերթի առաքելութիւնը։ Արդարեւ, 1925 թուականին հիմնուած եւ 2009 թուականին փակուած «Յառաջ»ը Եղեռնէն վերջ Եւրոպայի մէջ հրատարակուած առաջին հայերէն օրաթերթը հանդիսացած էր։
Ձեռնարկի ատենախօսներն էին ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան, «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիրներէն Արփի Թոթոյեան, «Յառաջ»ի Մարսէյլի աշխատակից Կարօ Յովսէփեան եւ Հայկական յիշողութեան արխիւի եւ հետազօտութեան ընկերակցութեան (ARAM)ի նախագահ Ժագ Ուլուսեան։
Այս երեկոյթը կազմակերպուած էր Մարսէյլի Հայկական երիտասարդական ու մշակութային տան երդիքին տակ։ Այս վերջնոյն առընթեր նախաձեռնութեան մասնակցութիւն բերած էր նաեւ «Փարանթէզ» հրատարակչութիւնը։
Քլոտ Մութաֆեան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց «Յառաջ» օրաթերթի հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի եւ իր հօր ունեցած մտերմութիւնը՝ զանազան դրսեւորումներով։ Մութաֆեաններու բնակարանէն ներս անպակաս էր «Յառաջ»ը, որուն յաջորդող տարիներուն երբեմն կը թղթակցէր նաեւ Քլոտ Մութաֆեան։
Արփի Թոթոյեան, որ երկար ժամանակ մասնակցած էր «Յառաջ»ի խմբագրութեան, փոխանցեց յուշեր եւ ներկաներուն հետ բաժնեց զանազան ապրումներ, որոնք իրենց խորքին մէջ կը ցոլացնէին Սփիւռքի մէջ հայկական օրաթերթ մը հրատարակելու ժամանակ ցոյց տրուած դիմադրութիւնը։
Կարօ Յովսէփեան նոյնպէս ունկնդիրներուն հետ բաժնեց յուշեր եւ դիտարկումներ, իսկ Ժագ Ուլուսեան ընդգծեց, որ «Յառաջ»ի ամբողջ արխիւը ի մի հաւաքուած է ARAM-ի մօտ։
Հայկական յիշողութեան շաբթուան մաս կազմած այս երեկոյթի կազմակերպման աջակցած էր նաեւ Պուշ տիւ Ռոն նահանգի ղեկավարութիւնը։
Ընկերամշակութային
- 04/30/2025