ՓՐՈՖ. ԵՈՀԱՆ ՇԹՐԱՈՒՍ ԽՕՍԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի համալսարանէն Փրոֆ. Եոհան Շթրաուս, որու մասնագիտութիւնն է օսմանեան գրականութիւնը։ Ան խօսեցաւ Մխիթարեան վարժարանի անցեալի յատկանշական շրջանաւարտներէն մէկուն՝ Վարդան փաշայի մասին։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը թրքերէն առաջին վէպին հեղինակն է, նաեւ հայատառ թրքերէնով Նափոլէոն Պոնափարթի կեանքի ու գործունէութեան վերաբերեալ գիրք մը հրատարակած է։ Վերոյիշեալ վէպը՝ «Ագապի»ն ալ արդէն նոյնպէս հայատառ թրքերէնով հրատարակուած է, ինչ որ պատմական շատ ուշագրաւ երեւոյթ մը կը համարուի։ Վարդան փաշա երկար ու բեղմնաւոր ծառայութիւն մատուցած է նաեւ ակադեմական կեանքէ ներս՝ օսմանեան շրջանին։
Փրոֆ. Եոհան Շթրաուս հետաքրքրական մանրամասնութիւններով ներկայացուց Վարդան փաշային կեանքը՝ ֆրանսերէնով։ Իրեն կ՚ուղեկցէր Ֆրանսայի՝ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառէն Փընար Քարաքըլչըք, որ ելոյթը թարգմանեց թրքերէնի։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան եւ Էլտա Գարակէօզեան, Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, վարժարանէն կրթական մշակներ եւ այլք։ Յանուն Մխիթարեանի ընտանիքին հիւրը ողջունեց վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, բանասէր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմէնճեան։ Աւարտին Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանն ալ հանդէս եկաւ հակիրճ շնորհակալութեան խօսքով մը եւ յուշանուէր մը յանձնեց հիւրին։
Միւս կողմէ, Փրոֆ. Եոհան Շթրաուս երէկ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Վարդան փաշայի շիրիմը, որ կը գտնուի Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ։
*
Ծ.Խ.- Շաբաթավերջի այս կարեւոր ձեռնարկը դժբախտաբար սահմանափակ շրջանակի մը մէջ մնաց։ Եթէ Մխիթարեանի ընտանիքին կողմէ գրասէրներուն ուղղեալ հրաւէր մը ըլլար մամուլի միջոցաւ, վստահաբար աւելի բարձր թիւով հետաքրքիրներ հնարաւորութիւն կրնային ունենալ օգտուելու այս առիթէն։
Թրքահայ կեանք
- 05/02/2025
- 05/02/2025
- 05/02/2025
- 05/02/2025