ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր վարժարանի երիտասարդ կրթական մշակներէն Նարօտ Եանըքօղլու։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Լիտիա Սաթըլմըշ, Ծիլա Պոյաճեան, Յակոբ Պոյաճեան, Փիլիպպոս Հէրկէլ, Ռոյ Մերքէզօղլու, Օննիկ Թաւուքճու եւ Սասուն Եըլտըրըմ։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին տղաքը հետաքրքրուեցան թերթիս ընդհանուր գործունէութեան եւ առաքելութեան վերաբերեալ նիւթերով։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ հարցումներ ուղղեցին այն մասին, թէ լրագրողի կեանքը ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պայմաններու ներքեւ կ՚ընթանայ՝ որպէս անհատ։ Իսկապէս շատ համակրելի երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մըն էր այս մէկը՝ վարժարանի 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններէն։ Անոնցմէ մին անցեալ ամառ Համահայկական խաղերուն առթիւ այցելած էր Հայաստան ու փոխանցեց իր վառ տպաւորութիւնները։ Քոյր եւ եղբայր Պոյաճեաններն ալ եկած էին Սուրիայէն ու պատմեցին իրենց եւ իրենց ընտանիքին այս շրջանին դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ընդհանրապէս, աշակերտները անդրադարձան նաեւ ապագայ բարձրագոյն ուսման շրջանին վերաբերեալ իրենց ակնկալութիւններուն եւ յոյսերուն։ Իրենց սերնդակիցներուն բաղդատմամբ հայերէնով հաղորդակցելու տեսակէտէ յարաբերաբար հանգիստ աշակերտներ էին անոնք, սակայն այդքանով հանդերձ յայտնեցին, որ տպագիր կամ առցանց հայերէն ընթերցումներու պարագան բացառութիւն կը կազմէ արտադպրոցական իրենց առօրեային մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 05/02/2025
- 05/02/2025
- 05/02/2025
- 05/02/2025