ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Շուրջ շաբթուան մը տեւողութեամբ դպրոցէն ներս տիրեց բարձր տրամադրութիւն։ Մշակուած ծրագիրը շատ հետաքրքրական էր, որովհետեւ թէ՛ բոլոր դասարանները եւ թէ կրթական մշակները ներգրաւուած էին զանազան բաժիններով։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով, իսկ դպրոցի ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչները մատուցեցին այնպիսի նիւթեր, որոնց շնորհիւ տղաքը հաղորդ դարձան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սրբոց Թարգմանչաց խորհուրդին։
Օր առ օր կեանքի կոչուած յայտագրի խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ դպրոցին յարակից սանուց միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքով մը։ Այսպէս, յայտնի դերասան Եղիա Աքկիւն մէկտեղուեցաւ աշակերտութեան հետ։ Այսպէսով Սրբոց Թարգմանչաց տօնի շրջանը բնորոշուեցաւ թէ՛ խանդավառութեամբ եւ թէ ուսուցողական բնոյթով։
Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու այս առթիւ բարձր գնահատեց թէ՛ կրթական մշակները եւ թէ աշակերտութիւնը, որոնց գործակցութեան արդիւնքը իսկապէս ողջունելի էր։ Տնօրէնուհի Պէրպէրօղլու նաեւ ջերմօրէն հիւրընկալեց Եղիա Աքկիւնը, որու ներկայութիւնը աշակերտներուն տեսակէտէ ունեցաւ արտասովոր նշանակութիւն։