Չորեքշաբթի 28, Հոկտեմբեր 2026
ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը վերջերս Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ այցելեց Հռոմ։ Այս հանդիպումը քրիստոնեայ աշխարհէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս շրջանին կը նշէ իր գահակալութեան 35-ամեայ յոբելեանը։ Այս ծիրէն ներս ան այցելեց Հռոմ, ուր իրեն ի պատիւ կազմակերպուած էին շարք մը հանդիսութիւններ։
Սրբազան Պապի եւ Տիեզերական Պատրիարքի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Առաքելական պալատի երդիքին տակ։ Քահանայապետը շնորհաւորեց իր հոգեւոր եղբօր յոբելեանը։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2026