ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…
Իր երկրի աշխարհագրական դիրքին պատճառով, ծնած օրէն, հայու կեանքը միշտ եղած է ալեկոծ: Ու այս ալեկոծումը շատ յաճախ զինք նետած է արտագաղթի, ձուլումի, յուսախաբութեան, տեսակ մը անօրինակ ալեկոծումի եւ նոյնքան ալ՝ լճացումի:
Բայց, շնորհիւ իր կամքին, նոյն ատեն այս ալեկոծումը իրեն համար դարձած է խթան, վերապրելու, վերակենդանանալու, ինքնաճանաչման ուղիէն քալելու, իր պապենական արմատներէն սնանելու ու կեանքին մօտենալու եւ ապրելու իւրայատուկ եղանակով եւ ոճով: Ահա թէ ինչպէ՞ս ան փրկուած է:
Ասոնք, եթէ կը պատկանէին անցեալին…, իսկ այս օրերուն…, երբ արդէն ժամանակները փոխուած են, տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս հայ կեանքը անոնց դրական կամ բացասական անդրադարձումներէն անմասն չէ մնացած: Համաշխարհայնացումը իր սարսափելի «աւերները» սկսած է գործել եւ իրմէ «զոհեր» խլել: Նորութիւն մը չէ: Երբեք:
Այսօր աշխարհը շատ արագ է եւ իրադարձութիւնները կը հասուննան մեծ արագութեամբ: Դանդաղ քալող մարդը կրնայ ետ մնալ:
Անոր համար է, որ ազգովին փոթորկալից ամպերու տակ «տագնապներով» սկսած ենք ապրիլ, միաժամանակ տեղ-տեղ եւ կամաց-կամաց կորսնցնելով մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքն ու մեր մայրենի լեզուն: Թէեւ այս բոլորը այրող հարցեր են, սակայն, շատ-շատերուն հոգը նոյնիսկ չէ:
Ամերիկա կ՚ապրինք: Կ՚ապրինք նաեւ անոր ազատութեան «գինովութիւնը»: Ու այս մէկը շատերուս համար կարծես տեսակ մը «օրհնութիւն» ալ է, իսկ ուրիշներուն… դո՛ւք ըսէ՛ք… անկասկած գիտէ՛ք արդէն: Ու յաճախ եւ մտովի, ես ինծի հարց կու տամ… թէ ինչպէ՞ս պէտք է հաշտուիլ հայ կեանքի ներկայ իրականութեան հետ, երբ, ե՛ւ հաւաքական, ե՛ւ ազգային, անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք, տակաւին հակասական հունին մէջ է:
Գաղտնիք մը չէ երբ ըսենք, որ ներկայիս հայը կ՚ապրի իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը: Յաճախ, մեզմէ շատեր կ՚արդարանան ըսելով, թէ «ժամանակը արագացած է…», կամ՝ «արդէն աշխարհն ալ նոր հունի մը մէջ մտած է… ի՞նչ կրնանք ընել…»: Իսկ ուրիշներ ալ «յանցանքը» ժամանակին վրայ ձգելով «կը սրբանան…»։
Սակայն եւ այնպէս, դեռ չենք կրցած գիտակցիլ, որ մեր գլխաւոր թերութիւնը, մեր հանրութեան մտածելակերպն է: Պէտք է որ «փոխուինք»: Այո՛, «պէտք է», կ՚ըսենք: Մի՛շտ կը շեփորենք: Պէտք է անպայման «փոխուիլ»: Բայց մէյ մը մտածենք, թէ ինչո՞ւ չենք փոխուիր: Ինչո՞ւ չենք թօթափեր մեր վրայէն այն, ինչ որ մեզ փոխած է…: Արդեօք իրապէս… չենք ուզե՞ր փոխուիլ… թէ ո՛չ, այդ կարողութիւնը չունինք եւ կամ՝ նոյնքան ալ գիտակցութիւնը: Անըմբռնելի բան մը նստած է մեր միտքերուն ծայրը, որ առիթ չի տար, որ ուրիշ ձեւով մտածենք: Ահաւասիկ նկարագրի նոր գիծ մը:
Ճիշդ է, որ մեր կեանքի հոսքը պղտորած է: Անկասկած: Սակայն, միշտ փնտռած ենք եւ տակաւին կը փնտռենք մեր կեանքի կապն ու հաւատքը՝ այս հոսանքէն ազատելու: Յամառօրէն կ՚որոնենք մեզ վերադարձի բերող յուշը: Է՜հ… վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս: Վերջապէս…, մեզ ո՞ւր պիտի տանի կամ պիտի հասցնէ մեր որդեգրած այս «ուղին»: Չմոռնանք, սակայն, որ օրերը բերեր եւ իրենց հետ տարեր են մեր երանաւէտ ու հեշտալի խաղաղութիւնը, մեր միտքերուն, մեր համերաշխութեան, մեր նկարագրի դրական բոլոր կէտերուն եւ մեր անցեալի անփոխարինելի պահերուն հետ միատեղ:
Այնպէս կ՚երեւի, թէ ա՜լ խօսիլը աւելորդ է: Իսկ գրուած բառերն ալ անիմաստ: Զիրար չխաբենք.- կարդացող չկայ: Թէեւ միշտ կարդացողներ կը փնտռենք: Հիանալի անկեղծութիւն, եթէ կ՚ուզէք: Իբրեւ այս բոլորին մտահոգներ… յոյսեր կը ցանենք մեր բառերուն վրայ եւ մեր տողերուն մէջ: Բայց եւ այնպէս, տեսանելի է, թէ խօսողն ու կարդացողը մեր ներկայէն մեծ բացականերն են, որոնք մեզի համար ստեղծած են տեսակ մը հոգեկան տառապանք-մտահոգութիւն՝ մեր ապրած մթնոլորտէն ներս:
Ահա մեր ներքին բարդութիւնը, որ ահաւոր ալ է:
Յաճախ կ՚ողբանք: Մենք մեզի կը վրդովինք: Անիմաստ՝ կ՚արդարանանք: Կ՚այպանենք մեր ճակատագիրը: Բայց կը մոռնանք, որ մեր ճակատագրին հետ, մեր նուիրումն ալ էական է: Մեր կեցուածքն ու ըմբռնումն ալ կարեւոր են: Կենսական:
Այս բոլոր մտահոգ տողերով լեցուն բառերը տասնամեակներէ ի վեր կրկնուած են ու ձեւով մը դարձած կարօտակէզ երգեր, միաժամանակ ընկճելով մեր գոյութիւնը: Ասոնք բոլորն ալ մեր խոցելի կէտերու մատնանշումներն են, որոնք կը ծանրացնեն հայ կեանքը:
Կը սիրենք կորսնցնելէ ետք «ողբալ»: Կը գնահատենք՝ կոտրելէն ետք: Կ՚արժեւորենք, երբ «բան-բանէ անցած է արդէն»: Իրապէս որ յոգնեցանք նահանջող հոգիներու ինքնարդարացումներէն: Ամէնօրեայ սովորութիւններուն գերին դարձած ենք, գիտակցաբար եւ ոչ…: Կը պտտինք տափակ հարցերու եւ խօսքերու վրայ: Ասոնք կը ծերացնեն ազգը: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են:
Իսկ ի՞նչ պէտք է որ ընենք… կը հարցնենք… յաճախ: Ինչպէ՞ս պէտք է թափանցենք նման մարդոց հոգիներէն ներս: Աւելին՝ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք սողալ նոյն այդ «մտքերուն» մէջ: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ բանի պէտք է կառչինք… եւ մանաւանդ՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլանք չափել այսպիսի մարդոց գիտակցութեան զգացումը:
Էականը, կը կարծեմ, նոր դիմագիծ եւ հաստատ ինքնութիւն տալն է մեր կեանքին, ձեւով մըն ալ վերարժեւորել զայն, գրուած ու անգիր երգի նման:
Կարեւորը՝ ըմբռնելն է կեանքն ու հասարակութիւնը, հեռու մնալով ներկայի մեր պոռոտախօսութիւններէն, ինքնահաւանութիւններէն եւ մանաւանդ՝ հմտութիւններէն: Այս բոլորին իրականացման համար, էական է ունենալ ազգային առաքելութեան լաւատեղեակ եւ մեր բարոյական ու հոգեմտաւոր արժէքներու հաւատացող ղեկավարներ, որոնք գիտեն ճոխացնել վաղուան յոյսը, անկեղծ եւ արդար:
Ղեկը վստահիլ այնպիսի մարդոց, մեծերու, որոնք գիտեն ստեղծել ինքնագործման նոր միջոցներ, ծրագրուած յայտագրով:
Որովհետեւ, իրապէս, ա՜լ յոգնած ենք սուտերէն, կեղծիքներէն ու մանաւանդ կրկնուող «ձեւերէն»:
Ու հաւատացէ՛ք…, ժողովուրդները, որպէսզի չանհետանան եւ որպէսզի իրենց ինքնութեան հաւատարիմ մնան՝ անպայման կը դիմեն գիտակցութեան:
Ահա, հայ կեանքի եւ հայու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու որդեգրում մը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըս