ՊԱՔՈՒ ՄԻՇՏ ԱՆԶԻՋՈՒՄ

Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ, բայց, կրնայ նաեւ մնալ միայն թուղթի վրայ։ 

«Մշակոյթի եւ մետիայի երկխօսութեան Պաքուի հարթակ» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք է ներողութիւն խնդրեն ատրպէյճանցիներէն, որոնք երեսուն տարի շարունակ չեն կարողացած վերադառնալ իրենց հայրենի բնակավայրերը։ «Կան որոշ իրադարձութիւններ, որոնք մենք չենք կրնար ջնջել պատմութենէն։ Սակայն, մենք մտադիր չենք վրէժխնդրութեան դիմելու», ըսաւ ան։ 

Հիքմէթ Հաճլիեւի խօսքով՝ Պաքու մշակած է համաձայնագրի նախնական սկզբունքները, իսկ Ուաշինկթընի մէջ անոր նախապատրաստումէն յետոյ կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է յանուն խաղաղութեան։ 

Հաճիեւի այս յայտարարութիւնները կը հնչեն Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին օրերու յայտարարութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Այսպէս, թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ երկրի ղեկավարութենէն այլ յառաջատար դէմքեր վերջերս իրերայաջորդ յայտնած էին, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը հնարաւորինս արագ պէտք է ստորագրուի։ Այս պատրաստակամութիւնը յայտնելու ժամանակ Փաշինեան ըրած էր նաեւ կանխատեսում մը, որով մէկ-երկու տարուան ընթացքին խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ։ Մինչդեռ, Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ստորագրման համար յառաջ կը քշէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախապայմանը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2026