Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան վերջին օրերուն Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ շարք մը արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին ի նշանաւորումն Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակի յոբելեանին։

Նորին Սրբազնութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն գլխաւորներէն էր՝ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին աստուածաբանութեան պատուոյ տոքթորի կոչումի շնորհումը։ Նորին Սրբութեան այս կոչումը շնորհուեցաւ քահանայապետական Ս. Թովմաս Աքուինացի համալսարանին (Angelicum) կողմէ։ Այս բարձր պատիւը յունաց պատրիարքին շնորհուեցաւ՝ ի գնահատանք անոր երկարամեայ հոգեւոր առաջնորդութեան, աստուածաբանական վկայութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէից միութեան եւ երկխօսութեան նկատմամբ ցուցաբերած հետեւողական ուշադրութեան համար։

Երէկ, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք պատարագեց Հռոմի Ս. Թէոդորոս յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ եկեղեցականներ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ՝ աղօթքի եւ եղբայրական հաղորդակցութեան մթնոլորտի մէջ։

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի այս բոլոր արարողութիւններուն ներկայութիւնը եկաւ վերահաստատել, թէ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ դարերէ ի վեր ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւնները կը գտնուին կայուն մակարդակի մը վրայ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միասնական վկայութեան ուղղեալ փոխադարձ յանձնառութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2026