ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ ՀԱՄԱՐ ՋՈՒՐ
Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, այս տարի արդէն չորրորդ անգամ կազմակերպուած է՝ հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած լուսանկարչութեան միջազգային մրցոյթը։ «Ամէն ինչի համար ջուր» կարգախօսով կ՚ընթանայ այս տարուան ծրագիրը։ 521 լուսանկարիչ 1783 դրուագով մասնակցութիւն բերաւ այս տարուան ծրագրին։ Արդիւնքին 17 երկրէ 30 լուսանկար ցուցադրութեան արժանի դասուեցաւ, իսկ 5 հատը մրցանակի։
Երէկ երեկոյեան, մրցոյթի դատակազմը ժողով մը գումարեց Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցիէն ներս։ Դատակազմին մէջ էին՝ լուսանկարիչներ Էմինէ Իւլքերիմ, Մկրտիչ Արծիւեան, Պերճ Արապեան, Ալպերթօ Մոնտիանօ եւ Նիքոս Քեսերիս։ Դատակազմի ժողովին ներկայ էին նաեւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս, նոյն խորհուրդէն Միխայիլ Հաննուտօղլու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Լուսանկարչութեան արուեստի դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Թուրան Քեսքին։ Դատակազմի անդամները բծախնդիր աշխատանքով արժեւորեցին ներկայացուած դրուագները։
Այս մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ նոյեմբերի 5-ին։