ԻՐԱՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հերթական անգամ խօսեցաւ TRIPP նախագծի շուրջ: Անդրադառնալով իր երկրէն ներս առկայ մտահոգութիւններուն՝ ան վստահութիւն յայտնեց, թէ բարեկամ Հայաստանի մէջ գիտեն այդ բոլորը եւ Հայաստան ոչինչ կ՚ընէ Իրանի անվտանգութեան դէմ:
Ապպաս Արաղչի, որ «COP-17»ը գագաթաժողովին մասնակցելու համար Երեւան մեկնած Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի ընկերակցած պատուիրակութեան մաս կազմած էր, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ խօսեցաւ Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ այս նիւթին շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն:
«Մենք մտահոգութիւններ ունինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որեւէ ներկայութեան պարագային տարածաշրջանէն ներս եւ մեր շուրջ: Բայց մենք այս հարցով անմիջական կապի մէջ ենք մեր հայ բարեկամներուն հետ: Մենք անոնց կը վստահինք, մենք գիտենք, որ անոնք Իրանի անվտանգութեան դէմ ոչինչ կ՚ընեն: Մենք կը շարունակենք մեր խորհրդակցութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Իմ լաւ բարեկամ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Թեհրանի մէջ էր, մենք լաւ խորհրդակցութիւններ ունեցանք: Այսպէսով, մենք սերտ կապի մէջ ենք», եզրափակեց Արաղչի: