ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ ՉԷՐ

Հայրենասիրական զգացումներով տարուած 1918 թուականին գրեթէ բոլորը կ՚երազէին ունենալ անկախ ու միացեալ Հայաստան եւ պատմական իրադարձութիւնները առիթ կու տային այդ երազը իրականութիւն դարձնելու։ Խնդիրը անկախութիւն յայտարարելը չէր. շատ աւելի բարդ խնդիր մըն էր այդ անկախութիւնը պահելը։ Ազգասիրական խանդավառութիւնը յաճախ արգելք էր ապագան տեսնելու. օրինակի համար, Համօ Օհանջանեան նոյնիսկ կը խոստանար Հայաստանին վերադարձնել Կիլիկեան եւ Անդրկովկասեան հայկական հողերը։ Վերացական ու հայրենասիրական տեսանկիւնէն դրական տրամադրութիւն կրնար համարուիլ, սակայն իրականութիւնը նոյնը չէր։ Հայաստանը ո՛չ բանակ ունէր եւ ո՛չ ալ պարէն՝ ժողովուրդին սնունդ հայթայթելու համար։ Օրուան կառավարութիւնը յոյսը դրած էր Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի վրայ, որոնք խոստացած էին պարէն ղրկել, սակայն, իրենց խոստումին տէրը չեղան։ Նոյն միջոցին Ամերիկա յայտարարեց, որ փոքր պետութիւններ պարտին ինքնուրոյն հոգալ իրենց պէտքերը: Այս բոլոր պէտքերուն կողքին կար անխուսափելին՝ պատերազմը. դրացի երկիրները եւս իրենց սահմանները ընդլայնելու եւ իրենց անկախութիւնը հռչակելու սեմին էին եւ այս մէկը բոլորին համար առիթ էր հաստատուելու: 

Հայաստանի մէջ անկախութիւնը պահելու համար պէտք է լաւ տնտեսութիւն ունենալ եւ այդ ժամանակներուն գրեթէ ո՛չ մէկ պետութիւն տնտեսական անկախութիւն ունէր։ Նոյն այդ տարիներուն եւրոպական մեծ դրամատուները արդէն իսկ փոքր պետութիւններու մէջ հիմնուելով՝ յաջողած էին ձեռք ձգել երկիրի գրեթէ բոլոր հարստութիւնը: Անշուշտ, այս բոլորը բաւարար չէին Հայաստանի անկախ ու միացեալ երազը ոչնչացնելու։ Շատեր կը հաւատային, որ Հայաստանի տնտեսական վիճակը պիտի վերականգնի՝ օտարութեան մէջ ապրող հայ մեծահարուստներու շնորհիւ։ Անոնք կը հաւատային, որ հայ մեծահարուստներու շնորհիւ Հայաստանի մէջ կը ծաղկի արդիւնաբերութիւնը եւ կամաց կամաց կը վերածնի քայքայուած երկիրը: Այս սպասումը կախեալ էր այն իրողութենէն, որ շատ մը հայ մեծահարուստներ Հնդկաստանի, Պարսկաստանի, Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներէ ներս ունէին լուրջ դեր՝ երկրի տնտեսութեան զարգացման մէջ։ Այս մտածումին կ՚օժանդակէր այն իրողութիւնը, որ Հայաստան ունէր հանքեր. հարուստ էր հողով եւ աժան աշխատուժով, հետեւաբար, արդիւնաբերութիւն ստեղծելը դիւրին կը թուար: 

Սակայն, իրականութիւնը հետեւեալն էր. քայքայուած երկրի մը մէջ ո՛չ ոք կը համարձակէր լուրջ գործի մը սկսիլ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ թուականներուն Հայաստանի փողոցները լեցուն էին դիակներով. անօթութեան, դեղօրայքի պակասի պատճառով բազմաթի՜ւ զոհեր կային։ Այդ պայմաններուն մէջ երբ ժողովուրդը իր գոյութիւնը դժուար կը պահէր՝ արդիւնաբերութեան մասին մտածելը քիչ մը անիրական էր: 

Այդ ժամանակաշրջանին կար նաեւ այլ վախ. Եւրոպայի ազդեցութիւնը։ Եւրոպան տնտեսապէս տկար պետութիւններուն «տէր» կը կանգնէր, սակայն, դրական թուացող այդ երեւոյթին տակ կար բացասականը։ Եթէ Հայաստան կախեալ ըլլար Եւրոպայէն, ապա հարստանալու փոխարէն՝ կրնար կորսնցնել իր տնտեսական ներքին «անկախութիւն»ը. հանքերու արդիւնաբերութիւնը ամբողջութեամբ կրնար ուղղուիլ դէպի Եւրոպա: Հայաստանի մէջ ստեղծուած որեւէ նոր արդիւնաբերական ընկերութիւն, բնականաբար, պիտի չյաջողէր մրցակցիլ եւրոպական մեծ ընկերութիւններու հետ։ Միւս կողմէ, Հայաստանի պետութիւնը իր անկախութիւնը պահելու համար տեղ մը պիտի ենթարկուէր եւրոպական տնտեսական իշխանութեան, որովհետեւ Հայաստանի անկախութիւնը պէտք էր ստեղծել յատակէն՝ ծայրայեղ դժուարութենէն:

Այս բոլորին վրայ կու գար աւելնալ հետեւեալը. Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստան պարտաւոր էր ո՛չ միայն տնտեսական ու քաղաքական դժուարութիւններ դիմագրաւել, այլեւ լուրջ խնդիրներ ունէր դրացի երկիրներու հետ։ Օրինակի համար, 1918 թուականի դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տեղի ունեցաւ զինեալ բախում մը՝ հայ-վրացական պատերազմ մը: Այս բախումին հիմնական պատճառը Լոռիի եւ Ախալքալաքի շրջաններուն պատկանելիութեան հարցն էր: Անշուշտ, պատերազմը երկար չտեւեց։ Դեկտեմբեր ամսու վերջաւորութեան զինադադար հռչակուեցաւ։ Ի դէպ, Հայաստան չէր կրնար այդ պատերազմին դիմագրաւել, որովհետեւ տնտեսութիւն գոյութիւն չունէր, ժողովուրդը սովամահ էր եւ հետեւաբար բոլորը միաժամանակ կառավարելը անհնարին էր: Նոյն տարիներուն բախումներ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի համար: Հետեւաբար նման պայմաններու մէջ Հայաստանի անկախութիւնը պահելը աննկարագրելի ուժ կը պահանջէր։ Ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդը այս պատմութեան մանրամասներուն ծանօթ չէ։ Գիտենք, որ ունեցանք անկախութիւն մը եւ կարճ ժամանակ ետք կորսնցուցինք զայն, սակայն, պարտինք գիտնալ ամբողջական պատկերը՝ հասկնալու համար բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք անկարելի կը դարձնէին պահպանել Հայաստանի անկախութիւնը։ Հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնը պահելու համար պարտէր ընտրել հիմնական երկու ճամբաներէն մէկը։ Առաջին՝ մտնել օտար լուծի տակ, որպէսզի պահպանէ իր անկախութիւնը, իր տարածքներն ու «ինքնավառութիւն»ը։ Երկրորդ՝ բարեկամական լաւ կապեր հաստատել դրացի պետութիւններու հետ՝ օժանդակելու համար արդիւնաբերութեան, սակայն, պատերազմական վիճակներուն մէջ անհնարին էր այդ մէկն ալ։ Ի դէպ, յայտնենք, թէ 1919 թուականին Արտաշէս Կարինեան հեղինակած է «Հայաստանի ապագան» խորագրեալ գիրք մը, որուն մէջ որպէս միակ ելք կը տեսնէր Խորհրդային Միութեան «լուծին» տակ մտնելը՝ ինչ որ ապագային իրականացաւ։ Հեղինակի բառերով՝ «Նրանք միայն կարող են ստեղծել Հայաստանում ո՛չ միայն իսկական ազատութիւն, այլեւ այն հասարակական-տնտեսական կարգերը, որոնք կապելով Հայաստանի ժողովուրդներին համայն աշխարհի բանուորների եւ գիւղացիների հետ՝ ստեղծելու են երկրում իրական ապահովութիւն եւ հաւասարութիւն»։

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հարուստը՝ անիկա չէ որ շատ ստացուածքներ ունի, այլ անիկա որ ոչ մէկ բանի պէտք ունի:

Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2026