Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ՝ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐԸ

«Մշակոյթները ազգային իրենց ուրոյն դրոշմը ունին, սակայն գիրը, լեզուն եւ արուեստը, որոնք իւրաքանչիւր անհատի եւ ազգի պարագային այդ տարբերութիւնները կը ճշդեն, արտայայտութեան կերպեր են միայն։ Արժէքը՝ գիրին ետեւ եղող անգրելի հոգի՛ն է։ Այդ զօրութենէն պարպուած գիրը, գրականութիւնը եւ արուեստը մեռելութիւն միայն կը բուրեն», կ՚ըսէ Եղիշէ արք. Տէրտէրեան (1910-1990 թթ.)։

Այս ուղղութեամբ, Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Սարգիսեան (1995-1999 թթ.) «Խոնարհութեան մարդը» կ՚անուանէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, եւ կը գրէ անոր մասին. «Ճգնութեան մարդու եւ ծառայութեան մարդու բնութագիծին մէջ կայ երրորդ գոյնի գիծ մը, որ ընդհանուր այս պատկերը գեղեցկացնող կարեւոր դեր մը ունի՝ խոնարհութեան մարդը. որ Սուրբ Մեսրոպի հարազատ էութեան մէջ տարրացեալ մասնիկ էր։

«Աներեւակայելիօրէն մեծ էր իմաստը կատարուած գործին։ Յեղափոխութիւն մըն էր, արդարեւ, որ ծայր կ՚առնէր հայու կեանքին մէջ ստեղծագործական արարքներու հրաշապատում դրուագներով։

«Մովսէս մարգարէ այնքան չէր ուրախացած, երբ Տասնաբանեայ Պատուիրաներն իր ձեռին Սինէական բարձունքէն վար իջաւ, որքան Սուրբ Մասրոպ, երբ հայ գիրն իր ձեռին օտարութեան աշխարհէն Հայաստան կը վերադառնար։ Մինչ Մովսէս աստուածագիր քարեղէն տախտակները կը փշրէր իր ժողովուրդի անհաւատութեան եւ դաւաճանութեան քար սիրտին վրայ, Սինայի ստորոտը, ոսկի հորթին պաշտամունքէն գինովցած, Սուրբ Մեսրոպ կ՚ընդունէր իր թագաւորին ու հայրապետին տաք ողջագուրումը Ռահ գետի ափին, Հայաստանի սահմանագլուխին վրայ։

«Ու այսպէս, երբ՝ Երանելի, ցանկալի եւ անպայման սքանչելի՜ լինէր աշխարհս Հայոց։

«Սուրբ Աւետարանը Հին կտակարանով (Մովսէս) եւ Առաքելական Թուղթերով (Պօղոս) յանկարծ հայերէնախօս եւ հայերէնաբարբառ կը դառնային, Հայոց աշխարհը սրտալիր ուրախութիւն եւ ակնավայել տեսիլ էր այլեւս, կը պայծառանային եկեղեցիներն ու շուք կ՚առնէին սրբոց վկայարանները, հանապազաբուխ կը հոսէին քարոզութեան վտակները, հայ մարդիկ, մեծ ու փոքր, սաղմոսներ երգելով ու հոգեւոր երգեր ընթացնելով եկեղեցիներէն դուրս կու գային դէպի հրապարակներն ու փողոցները եւ տուները, ու կ՚երկնուէր նո՜ր Հայաստանը, Վաղարշապատ քաղաքի կեդրոնին մէջ, կը կատարուէր միստիք ամուսնութիւնը հայութեան եւ քրիստոնէութեան, երգ էր ամէն կողմ եւ ցնծութիւն, տօն ու բերկրանք, խանդ ու շարժում, յոյս, տեսիլք, տառապանքէ սփոփանք, բանտէ ազատում եւ ապագայի լուսաշող հեռանկար, փառքի ծով էր Հայաստանն ամբողջ ճգնող վարդապետին համար։

«Ահա՝ ան կը լքէ պալատ ու կաթողիկոսարան եւ մայրաքաղաք՝ երթալու համար ի խուժադուժ կողմանս Մարաց։

«Տարօրինակ բայց խիստ յատկանշական եւ խորհուրդով լեցուն պատկեր մը կը գծէ Կորիւն, երբ Ռահ գետի ափունքի հանդիպումը յիշելէ ետք կ՚ըսէ.- Եւ զցանկալի ողջոյնն միմիանց տուեալ, ուստի եւ բարբառօք ցնծութեան եւ երգօք հոգեւորօք եւ բարձրագոյն օրհնութեամբ ի քաղաքն դառնային, եւ զաւուրս տօնական՝ ուրախութեամբ անցուցանէին։ Անմիջապէս, առանց տող մ՚իսկ ներմուծելու, կ՚աւելցնէ.- Յայնժամ վաղվաղակի հրաման առեալ ի թագաւորէն՝ սկիզբն առնելոյ զխուժադուժ կողմանն Մարաց…։ (Կորիւն, Վարք Մաշտոցի, Երուսաղէմ, 1930, էջ 22-23)։

«Պալատի հանգիստն ու փարթամ կեանքը կրնային ոեւէ մարդու համար գրաւիչ ըլլալ եւ շլացուցիչ, բայց ո՛չ ճգնո՛ղ մարդուն համար, որուն ճգնարանին մուտքէն դէպի աշխարհ բացուող ճամբան ծառայութեան ճամբան է եւ՝ ամենէն խոնարհը, ամենէն ժողովրդականը։

«Երկինքէն իր հոգիին մէջ հոսող կոչումին ձայնը ու ժողովուրդի տառապանքէն իր անձին մէջ արձագանգող տագնապը զինք միշտ պիտի տանէին ժողովուրդին, գաւառացի պարզ մարդուն, որ քաղաքներու լոյսերէն շլացած աչքեր չունի, ժխորի խլացուցիչ ձայներէն դեռ չէ այցելուած, մաքուր իմացողութիւն ունի ու բաց հոգի մը՝ ինչպէս իր արտերուն ու լեռներուն բաց սպասումը առաւօտեան շողին ու շաղին։

«Եղաւ խոնարհութեան մարդը, որովհետեւ ապրեցաւ ու գործեց որպէս ժողովուրդին մարդը։ Իր ու իր ժողովուրդին միջեւ ոչ մէկ սահման ճանչցաւ ինք իր կեանքով ու գործով։ Ճգնարանին մէջ, օտար ցուրտ միջավայրերու մէջ, պալատներու փարթամութենէն ներս կամ գործի փշալից դաշտերուն վրայ վայրկեան մ՚իսկ չճանչցաւ, ուր իր ժողովուրդը զգար իր սրտէն հեռու, իր միտքէն բացակայ։

«Առաջնորդ եղաւ ժողովուրդի մը, բայց Աթոռէն չառաջնորդեց։ Թագաւոր եղաւ հոգիներու աշխարհի մը, բայց գահ չունեցաւ այդ աշխարհին մէջ։ Միակ ու համակ շարժում եղաւ ժողովուրդին պէս, կեանքին պէս։ Գնաց հոն, ուր ժողովուրդին ձայնը անիմանալի բայց անդիմադրելի մագնիսականութեամբ զինք կը կանչէր։

«Մինչեւ իր կեանքին վերջը եղաւ առաքեալի տիպարով առաջնորդը՝ ինքզինք պարզ մարդուն հետ զգալով եղբայր եւ եղբայրութեան, մտերմութեան, հոգեկան սերտ հաղորդութեան մէջէն՝ առաջնորդ։

«Առանց խոնարհութեան զգացումի այդ խոր գիտակցութեան եւ անոր իրականացումին թանձրականին, շօշափելիին մէջ՝ երբեք պիտի չհասնէր այն հսկայական արդիւնքին, որուն տարողութիւնը դարերը չեն կրցած դեռ չափել եւ որուն մէջէն ինք հասաւ այն բարձունքին, որ գերագոյն բարձունքն է հայ իրականութեան մէջ- հայ պարզ մարդուն սիրտը։ Հո՛ս է գաղտնիքը իր ժողովրդական անկշռելի, անտարազելի հմայքին։ Սուրբ Սահակը անառարկելիօրէն եղաւ մեծագոյն միտքը իր դարուն, բայց Սուրբ Մեսրոպը եղաւ մեծագոյն մարդը հայ ժողովուրդի պարզ գիտակցութեան մէջ։

«Իր մեծութիւնը ինք գտաւ խոնարհութեան մէջ, այսինքն մտերմութեանը մէջ իր ժողովուրդին հետ, մնալով միշտ անոր մարմինին մէջ՝ իբրեւ սրտի տրոփ…»։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց վախճանեցաւ 433 թուականին՝ Վաղարշապատ։ Մարմինը փոխադրուեցաւ Օշական, քանի մը տարի վերջ փառաւոր տաճար մը կանգնեցուեցաւ անոր շիրմին վրայ։ Եւ դարձեալ Կորիւն կը վկայէ, թէ իր վախճանած պահուն, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գլխուն վրայ լուսափայլ խաչի նշան մը երեւցաւ, եւ այդ խաչը հետեւեցաւ մինչեւ Օշական՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հանգստարանը։ Արդարեւ, մեզի կը մնայ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, սերունդէ սերունդ փոխանցած աւանդը ընդունիլ եւ պահպանել զայն՝ ապագայ սերունդներու նոյն արժանաւորութեամբ փոխանցելու համար… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2026