ԾԵՐՈՒԹԻՒՆ

«Ծերութիւնը՝ սարսափելի դժուարութիւններու սառոյցի մէջ՝ սառած, ցուրտ կրակ մըն է», կ՚սըէ Կէօթէ իր գլուխ գործոց «Ֆաուստ»ի մէջ։ Ուստի, ծերերը հասկնալու, ծերութեան մասին գաղափար մը կազմելու համար պէտք է ծերանալ, ծերութիւնը ապրիլ։ Ուստի, անկարելին միայն հաւատքով կարելի է հասկնալ…

Ուստի, երիտասարդներ պէտք է գիտնան, որ օր մը պիտի գայ՝ իրենք ալ «ծեր» պիտի ըլլան եւ պիտի ծանօթանան «ծերութեան» հետ։ Այսօր երիտասարդներ կը կարծեն, թէ իրենք ամենակարող են, բայց երբ գայ ժամանակը, իրենք ալ պիտի ծանօթանան անկարողութեան հետ։ Որքան իմաստալից է խօսքը, որ կ՚սըէ. «Եթէ երիտասարդներ կամենային՝ եթէ ծերեր կարենային»։ 

Ընկերային կեանքի մէջ փոխյարաբերութիւնները առաջ կը բերեն զգացումներու, գորովի, ողորմածութեան եւ նաեւ շահերու մօտիկութիւն մը, մտերմութիւն մը՝ որ կը բխի մանաւանդ անձերու սիրոյն եւ փոխադարձ յարգանքի անկեղծ, սրտաբուխ զգացումներէն։ Ընտանիքներէ կազմուած ընկերութիւնը, արդարեւ, առանձնաշնորհեալ հասարակութիւն մըն է. կոչուած՝ անհատներու, անդամներու միջեւ իրականացնելու մտածումներու բաժնեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ ուշադիր եւ բծախնդիր գործակցութիւնը ծնողներուն եւ դաստիարակներուն՝ զաւակներուն եւ անհատներուն կրթութեան՝ սրտով ազնուացման եւ մտքով զարգացման սրբազան գործով։

Ուստի, պէտք է աջակցիլ ընկերութեան իւրաքանչիւր անհատին, թէ՛ երիտասարդ, թէ՛ ծեր առանց խտրութեան։ Քանի որ եթէ երիտասարդներ կարողութիւն եւ գիտութիւն ունին, ծերերն ալ թէեւ անկարող, բայց գիտութիւն ե՛ւ փորձառութիւն ունին։ Պէտք է պաշտպանել զանոնք ընկերային յատուկ եւ պատշաճ միջոցներով։ Հոն՝ ուր ծերեր ի վիճակի չեն իրենց պաշտօնը կատարելու եւ իրագործելու, կարողներու պարտականութիւնն է անոնց բարոյապէս օգնելու եւ թիկունք կանգնելու։ Փոխօժանդակութեան սկզբունքին հիման վրայ, աւելի մեծածաւալ հասարակութիւնները պիտի զգուշանան՝ աւելի գորովագութ ըլլալու եւ արգելք ըլլալու ամէն անտարբերութեան սիրոյ եւ յարգանքի նկատմամբ։ Ծերերու հանդէպ չի բաւեր սէր եւ յարգանք ունենալ միայն, այլ պէտք է սէրը եւ յարգանքը գործի վերածուի եւ կեանքի կոչուի։

Քրիստոնեաներ, հաւատացեալներ՝ որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ժամանցի ժամանակ ունին, թող յիշեն իրենց եղբայրակիցները՝ երիտասարդները ե՛ւ ծերերը, որոնք իրենք եւս նոյն կարիքները, նոյն իրաւունքները ունին, որոնք սակայն կարող չեն հանգիստ վայելել անկարողութեան պատճառով։

Բարեպաշտութիւնը աւանդականօրէն նուիրուած է բարի գործերու՝ հիւանդներու, տկարներու, անկարներու, ծերերու խոնարհ ծառայութեան։

Երբեք պէտք չէ՛ մոռնալ, որ ինչպէս անցեալը ներկայի վերածուեցաւ, ներկան ալ պիտի վերածուի ապագայի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2026