ՔԱՀԱՆԱՅԷՆ ԱՒԵԼԻ՝ ԱՒԱԶԱԿ

Նախապէս մեր յօդուածներուն մէջ գրած էինք այն մասին, որ հայ մտաւորականներէն շատ շատեր դրական մօտեցում չունէին եկեղեցւոյ հանդէպ։ Անշուշտ, շատեր ժողովուրդի մօտեցումն ու եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած կապուածութիւնը նկատի ունենալով՝ եղած են աւելի մեղմ եւ իրենց «ատելութիւն»ը այնքան ալ չեն բարձրաձայնած, իսկ կան ուրիշներ, ինչպէս՝ Շահան Նաթալի, Շահան Շահնուր, երբեք չեն քաշուած իրենց կարծիքը բարձրաձայնելէ։ Ի դէպ, շատեր կը կարծեն, այդ ատելութիւնը պայմանաւորուած է հայոց ցեղասպանութեամբ, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդը պաշտօնապէս ներկայացնող հեղինակութիւնը եկեղեցին էր, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Այդ ատելութիւնը գոյութիւն ունէր 1915 թուականէն իսկ առաջ. օրինակի համար, 1912 թուականին Շահան Նաթալի կը հրատարակէր «Մարդը» խորագրեալ հինգ արարներէ բաղկացած թատերգութիւն մը, որուն մէջ իր կարծիքը յստակ ձեւով կը յայտնէր: 

Թատերգութեան մէջ Զաւէն խօսելով իր բարեկամներուն հետ՝ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած իր կարծիքը կը բարձրաձայնէ։ Զաւէն կ՚ըսէ. «Այդ շէնքերը տգիտութեան դարբնարաններն են եւ իբր նախատինքներ կը կանգնին գիտութեան դէմ… այդ հսկայ մեծածախս շէնքերուն տեղ՝ թող համալսարաններ կանգնէին»։ Հակառակ անոր, որ հայկական հին վանքերը իրականութեան մէջ համալսարաններ էին, Զաւէն կը հաւատար, որ եկեղեցի կառուցելու փոխարէն՝ եթէ հայ ժողովուրդը համալսարաններ ու դպրոցներ կառուցած ըլլար՝ ապա հայ ազգին վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլար։ Շահան Նաթալի Զաւէնի բերնով կը հաւատայ, որ եկեղեցիները մարդոց տգիտութիւն կը քարոզեն, մինչ ժողովուրդին գիտութիւն պէտք է։ Հետեւաբար, անոր համոզումով՝ եկեղեցի եւ գիտութիւն զիրար հակասող արժէքներ են. համալսարանը կը զարգացնէ, մինչ եկեղեցին մարդը կը պահէ այն տգիտութեան մէջ՝ ուր որ է: Հետաքրքրական է, որ Զաւէն եկեղեցին «տգէտներու տեղ» չի կոչեր. անոր համար եկեղեցին այնտեղը չէ՛, ուր տգէտներ կը հաւաքուին, այլ «դարբնոց» կը կոչէ զայն։ Այլ խօսքով՝ վայր, ուր մարդիկ ո՛չ միայն տգէտ կը մնան, այլ տգէտ կը դառնան։ Շահան Նաթալի կը հաւատայ, որ քննադատական մտածողութիւն չունի եկեղեցին, ուր գոյութիւն ունին հաստատուած ու քարացած համոզումներ, որոնք նոյնութեամբ, առանց առարկելու կարողութեան մարդուն կը փոխանցուին, մինչ համալսարանին մէջ մարդ կը կատարելագործուի: 

Անշուշտ, այստեղ ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ եկեղեցւոյ գոյութիւնը ինչո՞ւ Զաւէնը կը նեղացնէ։ Թող Զաւէն իր համալսարանը յաճախէ եւ անոնք, որոնք եկեղեցի կ՚ուզեն յաճախել՝ ազատութեամբ թող ընեն այդ մէկը։ Սակայն, թատերգութիւնը կու գայ պատասխանը տալու. եկեղեցին իր հաւատքը միայն ինքն իր մէջ ու իր հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ չի՛ պահեր։ Եկեղեցիները այսպէս կամ այնպէս հասարակութեան վրայ իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան եւ հետեւաբար հարցը անհատական հաւատալ-չհաւատալու հարցէն դուրս գալով կը դառնայ հասարակական խնդիր: 

Զաւէն աւելիով կը բորբոքի, երբ համալսարանական կրթութիւնը վերացնելէ ետք գործազուրկ կը դառնայ. ո՛ւր որ աշխատանքի դիմէ կը մերժուի եւ այդ ընթացքին բարեկամներէն մին կարծիք կու տայ հայկական եկեղեցի երթալ, որովհետեւ եկեղեցին իր ունեցած յարաբերութիւններու շնորհիւ հայ երիտասարդներու կրնար օգտակար դառնալ եւ գործ ապահովել։ Եւ այս կէտին կը ծնի Զաւէնի վիշտը, որովհետեւ չ՚ուզեր երթալ հաստատութիւն մը՝ որ իր համոզումներուն եւ արժէքներուն դէմ է. վերջապէս եկեղեցին իրեն համար տգէտներու տեղ եւ տգէտներէն գործ «մուրալ»ը այնքան ալ տրամաբանական որոշում մը չէ: Այս երեւոյթին դիմաց Զաւէն իր բարեկամներուն ջղայնացած ոճով մը կ՚ըսէ. «Կը նախընտրեմ լեռնական աւազակ մը ըլլալ հացիս համար՝ քան քահանայ, գոնէ ան անկեղծ քաջութիւնն ունի»: 

Այս նախադասութեամբ, Զաւէն աւազակը շատ աւելի բարձր դիրքի վրայ կը տեսնէ՝ քան հայ հոգեւորականը, որովհետեւ աւազակը իր հացը ձեռք կը բերէ որոշ յոգնութեան՝ աշխատանքի եւ քաջութեան շնորհիւ։ Իր դիմաց կ՚ունենայ ձախողելու, բռնուելու եւ բանտարկուելու վախը։ Աւազակը կրնայ ձախողիլ եւ նաեւ կրնայ յաջողիլ, մինչդեռ եկեղեցականներու պարագային տարբեր էր. Զաւէնի համոզումով՝ անոնք կը գողնան՝ նոյնիսկ առանց վախ ունենալու, որովհետեւ տգէտ ժողովուրդը կամաւորաբար կը յանձնէ գողօնը: 

Այս բոլորը մէկտեղելով Զաւէն կը հաւատայ, որ ազգը իր հասարակական ուժն ու նիւթական կարողութիւնը պէտք է օգտագործէ հասարակութեան շահերուն. այսինքն այն նիւթական «մսխում»ը, որ եկեղեցիներ կառուցելու կը տրամադրուի, շատ աւելի լաւատես արդիւնք կ՚ունենար, եթէ յատկացուէր դպրոցներու եւ համալսարաններու շինութեան։ Անշուշտ, այս բոլորը կարդալով պէտք է նկատի ունենաք, որ այդ թուականներուն եւս հայ ժողովուրդը սփիւռք մեկնելով առաջին անգամ եկեղեցի կը կառուցէր՝ եւ ապա դպրոց: 

Զարթօնքի շրջանին եւս գոյութիւն ունէին անձեր, որոնք կը հաւատային, թէ կրթութիւնն ու ուսումը մարդը կրնան կատարելագործել։ Այս մէկը իրականութիւն ըլլալով հանդերձ, իր մէջ ունի որոշ հարցական բաժին մը, որովհետեւ Պոլսոյ մեր մտաւորականներէն շատ շատեր համալսարանական ուսում չունէին, սակայն, այդ մէկը արգելք չէր անոնց իմացական կարողութեան։ Այնպէս չէ, թէ ո՛վ որ համալսարանական կրթութիւն ունի՝ ամենագէտ է, իսկ ով չունի՝ տգէտ: 

Անշուշտ, Շահան Նաթալիի ատելութիւնը սահման չունի։ Ան նոյնիսկ պոռնկութեամբ զբաղող աղջիկները շատ աւելի բարոյական ու անմեղ կը նկատէ՝ քան եկեղեցին եւ եկեղեցականները։ Անոր համոզումով՝ աւելի բարոյական է այն աղքատ աղջիկը, որ կեանքի ծայրայեղ պայմաններու պատճառով ստիպուած կ՚ըլլայ մարմինը վաճառել՝ ապրուստը հոգալու համար: Շահան Նաթալիի բառերով. «Ես անձնապէս աւելի կը յարգեմ այն աղջիկները՝ քան անոնք դատապարտող սուտ բարոյագէտները»:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ներկայ ընկերութեան քարոզած բարոյականը գաղտնի անբարոյութիւնն է, ուրիշ ոչինչ։

ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026