ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթը այս տարի բացառիկ ձեւաչափի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Արդարեւ, ժառանգութեան եւ նորաձեւութեան համատեղման մթնոլորտ մը ստեղծուած է, ինչ որ հետաքրքիրներու ուշադրութենէն չի սպրդիր։ Այսպէս, Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթի մասնակից զանազան պատրաստ զգեստի արտադրութեան ընկերութիւններ կամ վաճառանիշեր. օրինակ՝ Փաւէեան, Զարգարեան, Բալենի, «Soncess» կը ներկայացնեն իրենց ստեղծագործած տարազները։

Այս տարուան հիմնական առանձնայատկութիւնը այն է, որ բնորդներու տողանցքները կը կազմակերպուին Հայաստանի զանազան կարեւոր պատմամշակութային նշանակութեամբ կոթողներուն մօտ։ Այսպէս, բացի Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան համալիրի շրջակայքէն, բնորդներու այդ տողանցքները տեղի ունեցան Զուարթնոց տաճարի եւ Կարմիր կամուրջի նման յատկանշական վայրերու մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026