ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԳՐԻՉԸ

Յաճախ որքա՜ն անպէտ եւ վնասակար խօսքեր կ՚արտաբերենք մեր բերաններէն, առանց անոնց հետեւանքը խորհելու։ Արդարեւ, Առակախօսը կ՚ըսէ. «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ. բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է». (ԱՌԱԿ. Ժ 10)։

Մարդիկ կան, որոնք կը խօսին եւ կը խօսին, մինչեւ նիւթ մը գտնեն խօսելու… եւ կը խօսին՝ պարզապէս, խօսած ըլլալու համար։ «Մարդիկ երկու աչքով եւ մէկ բերանով կը ծնին, որպէսզի իրենց խօսածին երկու անգամը տեսնեն…», կ՚ըսէ Edward Golding։ Սակայն, ընդհանրապէս ճիշդ ասոր հակառակը կը պատահի. մեր տեսածէն եւ գիտցածէն շատ աւելին կը խօսինք։ Եւ յետոյ, անշուշտ, գինը կը վճարենք։ Կ՚ըսուի, թէ անոնք՝ որոնք շատ կը խօսին, ընդհանրապէս քիչ կը խորհին եւ անոնք՝ որոնք շատ կը խորհին՝ քիչ կը խօսին… երբեմն լռութեամբ կարելի է շատ աւելի հասկցնել, քան շատ խօսելով, որ նուազ ազդու եւ նուազ հասկնալի կ՚ըլլայ։

Յաճախ մեր գրիչները լեզուին դերը կը կատարեն։ Մեր հեռաւոր կամ շուրջի բարեկամները անոնցմով կը չարախօսենք, քանի որ մեր լեզուները չեն հասնիր անոնց։ Երբ մեզի ծանօթ եղբօր մը կը հարցուի ուրիշ եղբօր մը մասին գրուածներուն ճիշդ ըլլալուն վրայով, այսպէս կը պատասխանէ. «Իմ գրիչս եղբայր-քոյրս, բարեկամս չարախօսելու համար չեմ գործածեր»։

Ուրեմն, ինչպէս լեզուն, մեր գրիչն ալ միայն դէպի բարին եւ օգտակարը գործածել։

Ի՞նչ են պատճառները մեր լեզուներուն չզսպուելուն։

Առաջին պատճառը սիրոյ պակա՛սն է։ Ուստի, մէկը որ կը սիրենք՝ չե՛նք կրնար զայն վիրաւորող խօսքեր խօսիլ անոր դէմ եւ բամբասել զայն։ Եւ ուրիշ պատճառ մըն ալ՝ որովհետեւ անիրաւութեան չենք դիմանար եւ զայրանալով կը խօսինք խօսքեր, որոնք պէտք չէր խօսէինք։ Երբեմն գրիչին համար ալ կրնայ պարագան նոյնը ըլլալ։

Եսայի մարգարէ Յիսուսի մասին կ՚ըսէ.

«Անիկա անիրաւութիւն կրեց եւ չարչարուեցաւ. բայց Իր բերանը չբացաւ…». (ԵՍԱՅԻ. ԾԳ 7)։

Երբեմն մեր հպարտութիւնը պատճառ կրնայ ըլլալ մեր լեզուներուն սանձարձակ գործածուելուն։ Շատեր ալ գէշ սովորութիւն ըրած կ՚երեւին բամբասանքը եւ չարախօսութիւնը՝ իր լայն իմաստով։

Ուստի, սիրելի՜ բարեկամներ, խօսելու կամ գրելու արուեստը միայն պէտք եղած պարագային խօսելու կամ գրելու մէջ չի կայանար, այլ՝ փորձութեան պարագային լռելու մէջ։ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Իր բերանը եւ լեզուն պահողը, իր հոգին նեղութիւններէն կը պահէ». (ԱՌԱԿ. ԻԱ 23)։ Այս կը նշանակէ, որ մեր լեզուները կամ գրիչները զսպելու մէջ մենք ալ բաժին ունինք։

Թովմաս Քեմփացի կ՚ըսէ. «Բերնի լռութիւնը՝ հոգեկան խաղաղութեան հասնելու մեծ միջոց մըն է»։ Ուստի, սիրելի բարեկամներ, եթէ կ՚ուզենք մեր ընտանիքներուն եւ ընկերութեան խաղաղութիւնը, ուրեմն մեր լեզուները եւ գրիչները միա՛յն շինութեան համար գործածենք՝ Աստուծոյ հայրախնամ օգնութեամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026