ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՆ

Հռչակաւոր լեհ բանասէր Ulrich von Williamowitz-Moellendorff (1848-1931) կ՚ըսէ, թէ իրական թարգմանութիւնը՝ հոգեփոխութի՛ւն մըն է։ Եւ ճիշդ այս պատճառով՝ Աստուածաշունչ մատեանի Սրբոց Թարգմանչաց կողմէ կատարուած թարգմանութիւնը «Թարգմանութիւններու թագուհի»ն է, քանի որ ան կատարեալ հոգեփոխութիւն մըն է, այսինքն բնագիրին կատարեալ եւ անսխալ փոխանցումն է։ Այս իմաստով Թարգմանչաց Ոգին՝ անժամանակ շարժուն եւ տեւական շարժման մէջ գտնուող արժէք մըն է։ Արդարեւ, Թարգմանչաց շարժումը լոկ պատմական դէպք մը չէ՛, այլ շրջանէ շրջան, դարէ դար, սերունդէ սերունդ փոխանցող թանկագին «ժառանգութիւն» մըն է, որուն ժառանգիչները պարտին հետզհետէ զարգացնել, յաւելումներ կատարել, հոգեմտաւոր յառաջդիմութեան ենթարկել զայն։ Ուստի, ժառանգութիւն մը երբ յաւելումներ կրէ, այն ատեն աւելի եւս մեծ արժէք մը կը ստանայ։

Մտածումը խօսքով մարմին եւ ձեւ կը ստանայ, եւ խօսքին առարկան լեզո՛ւն է։ Ամէն միտք, ամէն մշակոյթ, ամէն գաղափար ունի իր լեզուն։ Եւ լեզուն ինքնութեան ամենէն բնորոշիչ տարրն է։ Ինչպէս կայ «տիեզերական միտք» կամ «տիեզերական հոգի», նոյնպէս կայ նաեւ «անձնական միտք» կամ «անձնական հոգի», մին՝ առարկայական, իսկ միւսը՝ ենթակայակա՛ն։ Եւ քանի որ մարդը միակ «բանաւոր» կենդանի արարածն է ապրողներու մէջ, այլապէս լեզուն կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ անոր կեանքին մէջ, մինչեւ իսկ անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին շուրջ։ Այս ուղղութեամբ ամէն մշակոյթ ունի իւրայատուկ լեզուն՝ իր միտքը, իր գաղափարը արտայայտելու ձեւը, միջոցը եւ առարկան։ Եւ լեզուն կը նմանի ջուրի…

Ջուրը մարմնին անհրաժեշտ, օգտակար տարր մըն է։ Ամէն հեղուկ ջուր չէ. ջուրի պէս է, ջուրի կը նմանի, բայց երբեք անոր տեղը չի՛ բռներ, անոր համազօր օգտակարութիւն չի կրնար ունենալ։ Արդարեւ, ջուրի պէս հեղուկներ ջուրի ստորոգելիները կրնան ըլլալ, բայց ո՛չ՝ ջուր։

Ինչո՞ւ «ջուր»ին այսքա՜ն դրուատում եւ ներբող։

Որովհետեւ, «ջուր»ը կը նմանի «մայրենի լեզու»ի՝ բնական, սեփական, հարազատ եւ իսկական։ Իսկ օտար լեզուներ՝ ստացական, ետքէն ձեռք բերուած… Անշուշտ, օտար լեզուներն ալ կարեւոր տեղ եւ դեր ունին ընկերային արարած՝ մարդուն կեանքին մէջ, քանի որ լեզուներ մշակոյթներու համադրութեան եւ «տիեզերական միտք»ի մը կազմութեան համար անհրաժեշտ տարրեր են։ Եւ երբեք համամիտ չենք այն թիւր մը-տածութեան, որ կ՚ըսէ. «Թո՛ղ օտարը իմ լեզուս սորվի եւ իմ լեզուովս խօսի. ինչո՞ւ ես օտարին լեզուն սորվիմ եւ անոր լեզուով խօսիմ…»։ Արդարեւ, Աստուածաշունչ մատեանի մէջ երբ կը պատմուի Բաբելոնի աշտարակի պատմութիւնը, կ՚ըսուի. «Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէսզի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ». (ԾՆՆԴ. ԺԱ 7), բայց Հոգեգալուստին. «Յանկարծակի երկինքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին։ Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար». (ԳՈՐԾՔ. Բ 2-4)։

Եւ այսպէս, Բաբելոնին բաժնուած լեզուներ, Հոգեգալուստին միացան եւ զօրացան…

Օտար լեզու գիտնալ՝ օտար լեզուով խօսիլ, կարդալ եւ հասկնալ, գրել, անշուշտ, իր բազմաթիւ օգուտները ունի, ո՛չ մէկ կասկած այդ մասին։ Զոր օրինակ, հեղինակ մը կարդալ իր իսկ բնագիրէն աւելի հասկնալի է եւ դիւրամատչելի, քանի որ ընդհանրապէս թարգմանութիւններ կը խոտորին բուն իմաստէն, ուրիշ խօսքով՝ հոգեփոխութիւն կամ մտափոխութիւն չեն կրնար կատարել։ Մինչդեռ թարգմանութեան մը մէջ հոգեփոխութիւնը եւ մտափոխութիւնը կարեւոր, անհրաժեշտ եւ նպատակայարմար է։

Թարգմանութիւնը այս իմաստով դժուար եւ այնքան լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող գործ մըն է։

Եւրոպայի մատենագրութեան պատմութեան մէջ առաջին թարգմանիչը ազատ արձակուած գերի մը՝ յոյն Livitus Andronicus-ն է. Քրիստոսէ առաջ 240 թուականին՝ Odysseia-ն արձակագիր լատիներէնի վերածած է։

Lord Woodhouselee թարգմանութեան մը համար սա երեք սկզբունքը կը ներկայացնէ.

ա. Թարգմանութիւն մը պէտք է գաղափարը, մտածումները ամբողջութեամբ եւ անթերի փոխանցէ,

բ. Բնագրին ոճին եւ ձեւին հաւատարիմ մնայ,

գ. Թարգմանութիւնը պէտք է բնագրին չափ դիւրահասկնալի, դիւրըմբռնելի եւ սահուն ըլլայ։

Եւ երբ Սրբոց Թարգմանիչներու Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութիւնը նկատի ունենանք, այդ թարգմանութեան որքան անգին, թանկարժէք ըլլալը եւ անխոնջ, լուրջ աշխատութեան մը արդիւնք հանդիսանալուն կը վկայենք։ Ինչ որ այսօր մեզի ծանր պատասխանատուութիւն մը կը բեռցնէ մեր ուսերուն վրայ։

Գալով մայրենի լեզուի հարցին։

Մայրենի լեզուի տրուած յարգը եւ արժէքը ինքնութեան տրուած կարեւորութեան մէկ չափանիշն է։

Մայրենի լեզուն՝ սեփական լեզուն է եւ, բնական է, որ մարդ պահէ պահպանէ զայն, ինչ որ իր սեփականութեան կը պատկանի։ Ինչպէս, դժբախտաբար, նախապէս անդրադարձած ենք, վկայած եւ լսած ենք մարդիկ, հայ մարդիկ, որոնք իրենց մայրենի լեզուն «անպէտ լեզու», «անօգուտ լեզու» անուանած են, եւ անգիտակցաբար ուրացած են իրենց ինքնութիւնը։

Լեզուն մարդն իսկ է, լեզուն «ներքին մարդ»ուն «արտաքին մարդ»ու վերածման միջոցն է։ Մարդ երբ կը խօսի, երբ կը գործածէ իր լեզուն, կը ներկայացնէ իր անցեալը, իր ապագան, բայց անպայմա՛ն իր ներկան, այսօրը մարդուն իր անցեալը եւ իր ապագային գրաւականը՝ երաշխիքն է։ Ան, որ կ՚ուրանայ իր մայրենի լեզուն, կ՚ուրանայ իր ամբողջ անցեալը, իր ամբողջ ինքնութիւնը եւ հոգեպէս եւ մտապէս գերին կը դառնայ «օտար» հովերու քանդարար, կործանիչ հոսանքներուն։

Արդարեւ, «տիեզերական հոգի» մը, «տիեզերական միտք» մը եւ ուրեմն «տիեզերական մշակոյթ» մը գոյութիւն ունի անկասկած, բայց տիեզերականը երբեք պէտք չէ արգելք հանդիսանայ անձնական, սեփական հոգիին, միտքին եւ մշակոյթին, այլ հաշտեցնել, ներդաշնակել պէտք է զանոնք։ Մարդ էակը մարդոց հետ կ՚ապրի, ընկերութեան մէջ կը գտնէ իր ապահովութիւնը՝ ուր ազատօրէն կ՚ապրի իր սեփական հարազատ արժէքներով։ Ուստի, մարդ այնքան յարգանք կը վայելէ ուրիշներէ, որքան իր արժէքներուն յարգը նախ ի՛նք կը ճանչնայ… «Մշակոյթի հոգին՝ հոգւոյ մշակոյթն է», կ՚ըսէ Կէօթէ, ուստի ազգ մը՝ որ գիտէ գնահատել արժէք եւ արժանիք, իր իսկական իմաստով մշակոյթ ունի։ Մշակոյթը, արդարեւ, զարգացում եւ ազնուացումն է հոգիի եւ մտքի զանազան կարողութիւններուն, ընկալեալ եւ ժառանգուած առաքինութիւններու ամբողջը, ժողովուրդի մը բարոյական կրթութիւնը, ծանօթութիւններու կարգուսարքը՝ որ դիւրատար կ՚ընէ կեանքը։

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին յիշենք, որ թարգմանութիւնը շատ դժուար գործ մըն է, բայց անոնք յաղթահարեցին ամէն դժուարութիւն եւ կատարեալ, հոգեշահ գլուխ գործոց հոյակապ գործ մը փոխանցեցին մեզի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026