ՈՐՈՇ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ
Յաճախ հարց կու տանք, թէ աղանդաւորական շարժումները ինչպէ՞ս կը յաջողին մարդ որսալ։ Այս հարցումին որպէս պատասխան յաճախ նիւթականն ու սեփական շահը կը տեսնենք, սակայն, իրականութեան մէջ, կան այլ պատճառներ։ Պէտք է ընդունինք, որ աղանդաւորականները, նոյնիսկ բողոքական տարբեր շարժումներու ներկայացուցիչները, շատ աւելի գրաւիչ, շատ աւելի այժմէական քարոզախօսութիւն կ՚ունենան՝ քան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորները։ Անշուշտ, հարցը այստեղ Աստուածաշունչի ու կրօնական գիտելիքներ ունենալ-չունենալը չէ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներ ունին Աստուածաբանական լուրջ կրթութիւն։ Հարցը հաղորդակցութեան մէջ է։ Մէկ մէկ կը փորձեմ մեր եկեղեցականներուն (մանաւանդ երիտասարդ աբեղաներուն) քարոզները լսել։ Նիւթերը վերացական են եւ զուտ Աստուածաշնչական. օրինակի համար, «Տապանակ ուխտի», «Ահարոնի գաւազանը», «Երկինքէն տեղացած մանանան» եւ այլն։ Մերօրեայ մարդուն եւ մա՛նաւանդ երիտասարդին համար եթէ քարոզը կապ չունենայ առօրեային հետ՝ կը դառնայ անկենդան եւ լոկ արտասանութիւն։ Թէ՛ օտար եկեղեցիներու եւ թէ աղանդաւորներու մօտ կը տեսնենք, որ ինչպէս քարոզիչներ հեռու ամէն տեսակ հռետորութենէ, հեռու երաժշտական ելեւէջներէ՝ կը խօսին մարդը յուզող առօրեայ հարցերու շուրջ. ամուսնալուծութին, ընտանիք, զաւակ, կրթութիւն եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ եւ ժողովուրդը այդ քարոզներն է, որ կը սիրէ։ Մերօրեայ երիտասարդը ունի բազմաթիւ հարցեր. ինչպէս՝ ձախողութեան վախ, սիրոյ յուսախաբութիւն, յարաբերութիւններու մէջ դժուարութիւն, ապագայի նկատմամբ անորոշութիւն, կեանքի դժուարութիւն ու պայքար, նիւթական ճնշումներ եւ իր ինքնութիւնը գտնելու լուրջ խնդիր… Նման մարտահրաւէրի մէջ գտնուող երիտասարդի մը համար կորսուած «Տապանակ ուխտի»ի մը պատմութիւնը այնքան ալ գրաւիչ ու անմիջական չի կրնար ըլլալ։ Երիտասարդը կը սպասէ, որ եկեղեցին խօսի իր առօրեայ հարցերուն մասին, որովհետեւ իր միտքին մէջ ունի անոնց հանդէպ շատ հարցադրումներ՝ որոնք պատասխանի կը կարօտին:
Ի դէպ, չենք ըսեր, թէ «Տապանակ ուխտի»ին ունեցած խորհուրդը անկարեւոր է։ Վստահաբար ունի իր հոգեւոր կարեւոր խորհուրդը, սակայն, եթէ անոր խորհուրդն ու իմաստը անմիջականօրէն մերօրեայ մարդուն կեանքին հետ աղերս չունենայ՝ կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Երիտասարդը թող գիտնայ «Տապանակ ուխտի»ի մասին, սակայն, միւս կողմէ, թող գիտնայ նաեւ, թէ այդ «Ուխտի տապանակ»ը իր կեանքին մէջ ի՞նչ տեղ ու դեր կրնայ ունենալ։ Անոր խորհուրդը իր կեանքին մէջ ինչպիսի դրական հետեւանքներ կրնայ ստեղծել. այդ սրբազան խորհուրդը իր վախերը, մտահոգութիւնները ինչպէ՞ս կրնան մեղմել:
Մերօրեայ քարոզը պէտք է ըլլայ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ լեզուով՝ առանց աւելորդաբանութիւններու։ Յաճախ կը տեսնենք, թէ եկեղեցականները բառարաններէն մեռած բառերու յարութիւն տալու փորձեր կը կատարեն։ Ծանր հոմանիշներ գտնելու պէտք չկայ. պէտք է ըլլալ պարզ ու անմիջական. հեռու պէտք է մնալ հռետորական երաժշտական ելեւէջներէն եւ շեշտն ու կարեւորութիւնը պէտք է դնել ո՛չ թէ քարոզի մատուցման ձեւին՝ այլ որակին։ Եթէ կ՚ուզենք երիտասարդները լսեն մեր եկեղեցականներու հոգեւոր խորհուրդները՝ ապա պէտք է խօսինք անոնց անմիջական կեանքին մասին:
Աւելի հասկնալի դարձնելու համար առնենք օրինակ մը մեր եկեղեցականներէն մէկուն քարոզէն. «Քրիստոս լոկ հրաշքներ չկատարեց. Քրիստոս մեզի ապրիլ սորվեցուց, Քրիստոս մեզի սիրել սորվեցուց եւ սորվեցուց, թէ ինչպէս կրնանք մարդ ըլլալ»։ Իրականութեան մէջ, գեղեցիկ բառեր են՝ մա՛նաւանդ եթէ ըսուին ծանրակշիռ ոճով մը՝ ձեռքի եւ խաչի շարժումներու ընկերակցութեամբ։ Կասկած չունինք, որ Քրիստոս այդ բոլորը սորվեցուց։ Աստուածաշունչը կարդացող իւրաքանչիւր անհատ, Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան ծանօթ անձ այդ մէկը գիտէ. ո՞ւր է խորհուրդը. օրինակի համար, այստեղ հռետորութեան փոխարէն՝ շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար խօսիլ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս Քրիստոս ներեց զինք հալածողները եւ այդ օրինակը մերօրեայ կեանքին հետ կապելով խօսիլ ընկերական, ընտանեկան ներքին խնդիրներու եւ հարցերու մասին։ Զինք հալածողները սիրող Քրիստոսի հետեւորդները ինչպէ՞ս կրնան չսիրել ու չներել իրենց հարազատ եղբայրն ու զաւակը, քոյրն ու ծնողքը եւ այլն։ «Քրիստոս մարդ ըլլալ սորվեցուց»։ Իրականութեան մէջ, Քրիստոս մարդացաւ՝ որպէսզի մարդուն Աստուծոյ արդարութեամբը, սիրովն ու արդարութեամբը ապրիլ սորվեցնէ։ Քրիստոս մարդ ըլլալը սորվեցնելու կարիքը չունէր՝ որովհետեւ մարդը ի սկզբանէ մեղաւոր էր, հետեւաբար մարդացաւ, որպէսզի մարդը Աստուածանայ եւ այստեղ կարելի էր խօսիլ մարդկային սխալներու մասին՝ որոնք այսպէս կամ այնպէս իրենց հետեւանքը կ՚ունենան մեր կեանքին վրայ: Հետեւաբար, մեր եկեղեցականները շարահիւսութեան գեղեցկութեան փոխարէն՝ պէտք է բովանդակութեան ուշադրութիւն դարձնեն։ Գուցէ դար մը առաջ գիւղի մը մէջ հայերէն չգիտնալով եկեղեցականին ամէն ըսածը առանց հասկնալու «սիրողներ» ըլլային, իսկ այսօր վիճակը տարբեր է եւ ձայնի ելեւէջները ինչքան ալ խոր ու ազդեցիկ ըլլան, եթէ չկայ բովանդակութիւն՝ չկայ նաեւ քարոզ:
Երիտասարդը կը սկսի քարոզը լսել՝ երբ զինք յուզող հարցերու մասին կը խօսուի։ Ուստի, եկեղեցականը իր քարոզով պէտք է զգացնէ երիտասարդին, որ Աստուածաշունչը անցեալին պատահած պատմութիւններու ժողովածու մը չէ. պէտք է հասկցնէ, որ ժամանակավրէպ գիրք մը չէ եւ իր օրինակներով համոզէ, որ ան ունի երիտասարդին բոլոր հարցերուն պատասխաններն ու լուծումները։ Երիտասարդը այսօր իր հարցումներուն պատասխաններ կը փնտռէ եւ վերջաւորութեան կ՚երթայ հոն՝ ուր իր հարցումները պատասխան կը գտնեն։ Եթէ եկեղեցականը ի՛նք չտայ այդ հարցերուն պատասխանը՝ ապա իր քարոզը ինչքան ալ մաքուր հայերէնով խօսուած ըլլայ՝ պիտի դառնայ անարժէք:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Բառերն
ալ իրենց բնական մտերմութիւններն ունին. իրար կը սիրեն եւ միասին կու գան թեւն թեւի մարդու գրչին ծայրը. նոյնիսկ եթէ կանչուած չեն, նոյնիսկ եթէ չես ուզեր, նոյնիսկ եթէ անպատշաճ է քիչ մը անոնց հետ գտնուիլը:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան