ՈՐՈՇ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ
Հայ ժողովուրդը ունի այն թիւր համոզումը, որ մարդ չի՛ կրնար քննադատել՝ առանց ատելու եւ այս թերացումին պատճառը այն է, որ մենք սխալ համոզում ունինք նաեւ սիրելու մասին, որովհետեւ կը կարծենք, թէ իրապէս կը սիրէ ան՝ որ բոլոր թերութիւնները կ՚անտեսէ եւ «պաշտպան» կը դառնայ, իսկ ան՝ որ թերութիւններուն մասին կը խօսի՝ ոչ: Գուցէ պատճառը այն է, որ մեր մէջ նոյնիսկ առողջ քննադատութիւնները վերջ գտած են մեծ վէճերով ու կռիւներով եւ հետեւաբար քննադատել բառը ինքնաբերաբար ստացած է հակառակութեան, ատելութեան ու պառակտումի խորհրդանիշ:
Աստուածաշունչը իր մէջ ունի հետեւեալ հետաքրքրական խօսքը. «Լաւ են հարուածք բարեկամի» (Առակաց 27.6)։ Բարեկամի մը «հարուած»ները լաւ են, որովհետեւ բարեկամ մը իր խստութեան, իր քննադատութեան ու դատապարտութեան մէջ եւս դիմացինին բարիքն ու բարօրութիւնը կը մտածէ։ Քննադատութիւնը ո՛չ թէ հակառակութեան, այլ բարեկամութեան խորհրդանիշ է. օրինակի համար, Ղեւտացւոց գիրքին մէջ եւս կը կարդանք. «Յանդիմանութեամբ յանդիմանեսցես զընկեր քո» (Ղեւտացւոց 19:17)։ Հետեւաբար քննադատութիւնը, յանդիմանութիւնն ու մատնանշումը պէտք է ընդունիլ դրական մօտեցումով, որովհետեւ մեր հասկցած միւս երեւոյթը ո՛չ թէ քննադատութիւն, այլ զրպարտութիւն ու ցեխարձակում է՝ ինչ որ տարբեր երեւոյթներ են:
Այս բոլորը նկատի ունենալով որպէս երիտասարդ, կ՚ուզենք եկեղեցւոյ մէջ տեղ գտած որոշ երեւոյթներու մասին խօսիլ՝ ո՛չ թէ զրպարտելու կամ վարկաբեկելու, այլ զանոնք սրբագրութեան հրաւիրելու համար, որովհետեւ բոլորս ալ կ՚ընդունինք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ հակառակ իր բոլոր սրբութիւններուն եւ անփոխարինելի արժէքներուն, ունի թերացումներ եւ բնական է, որ ունենայ, որովհետեւ անոր գլուխը գտնուած կաթողիկոսներն ու ծառայող եկեղեցականները՝ անկախ իրենց տարիքէն ու ուսման մակարդակէն, մարդ են եւ հետեւաբար ատակ են սխալելու: Սակայն, դրական մօտեցումով կը նշմարենք, որ եկեղեցին ինքզինք «անսխալական» ճանչնալու փոխարէն սիրով կ՚ուզէ լսել երիտասարդութիւնը եւ այդ պատրաստակամութեան վստահելով է, որ կը գրենք այս յօդուածը։ Նիւթերը, որոնք պիտի շօշափենք տարբեր ու այլազան են, սակայն, իրենց ընդհանրութեան մէջ եկեղեցական կեանքը բարելաւելու կը միտին եւ որովհետեւ մեր եկեղեցին հոգեւորի կողքին նաեւ ունի «ազգային» անունը՝ կը հաւատանք, որ անոր սրբագրութեան ձեռնամուխ պէտք է ըլլալ բոլորով՝ աշխարհական թէ եկեղեցական, որովհետեւ այդ սրբութիւնը հոգեւորականներուն սեփականութիւնը չէ. կը պատկանի ազգին ու ժողովուրդին:
Սկսինք.
Առաջին քննադատութիւնը, որ ունինք ծիսական գետնի վրայ՝ Պատարագի սրբազան արարողութեան մէջ է։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին հաւատացեալները տեղ տեղ կը նստին եկեղեցւոյ նստարաններուն եւ որոշ տեղեր ոտքի կը կանգնին։ Իրականութեան մէջ ո՞ր թուականին որոշուած է այդ նստելու եւ կենալու օրէնքները՝ չենք գիտեր, սակայն, կը հաւատանք, որ որոշ վերատեսութիւններու պէտք է ենթարկուին։ Օրինակ վերցնենք պատարագի հետեւեալ բաժինը. սարկաւագը Ս. Խորանին վրայէն կը սկսի բարձրաձայնել այն անունները՝ որոնց յիշատակին կը մատուցուին պատարագները։ Նախքան անուն յիշելը, սարկաւագը ընդհանուրին համար կ՚ըսէ. «Առաքելոց սրբոց, մարգարէից, վարդապետաց, մարտիրոսաց եւ ամենայն հայրապետաց սրբոց, առաքելագործ եպիսկոպոսաց, երիցանց, ուղղափառ սարկաւագաց եւ ամենայն սրբոց եղիցի յիշատակ ի սուրբ պատարագս. Աղաչեմք» եւ ապա կը սկսի մէկ առ մէկ յիշել անունները՝ «սրբոց Թադէոսի եւ Բարթուղիմէոսի առաքելոցն», «Գրիգորի Լուսաւորչին, Արիստակիսի, Վրթանիսի, Յուսկանն, Գրիգորիսի, Ներսիսի, Սահակայ, Դանիէլի եւ Խադայ, Մեսրոպայ վարդապետին եւ Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսիսի Կլայեցւոյն, Յովհաննու Որոտնեցւոյն եւ Գրիգորի եւ Մովսիսի Տաթեւացեացն եւ սրբոց Գրիգորիսեանց եւ Ներսիսեանց, հովուաց եւ հովուապետաց Հայաստանեայց»։ Ապա կը սկսի յիշել սուրբերը՝ «Միանձնացելոց սրբոց, առաքինասէր եւ աստուածուսոյց կրօնաւորացն՝ Պօղոսի, Անտոնի, Պօղայ, Մակարայ, Ոնոփրիոսի, աբբայ Մարկոսի, Սրապիոնի, Նեղոսի, Արսէնի, Եւագրի, Պարսամայ, Յովհաննիսեանց եւ Սիմէոնեանց, սրբոց Ոսկեանց եւ Սուքիասեանց եւ ամենայն սրբոց հարց եւ աշակերտելոց նոցին ընդ տիեզերս». ապա կը սկսի յիշել թագաւորներու անունները՝ «Թագաւորաց հաւատացելոց՝ սրբոց Աբգարու, Կոստանդիանոսի, Տրդատայ եւ Թէոդոսի եւ ամենայն սուրբ եւ բարեպաշտ թագաւորաց եւ աստուածասէր իշխանաց»։ Այս բոլոր անունները թուելու ժամանակ հաւատացեալ ժողովուրդը՝ եկեղեցական դասը ներառեալ կ՚ըլլան նստած։ Բոլորը մէկ ոտքի կը կանգնին մէկէն ի մէկ, երբ կու գայ օրուան կաթողիկոսի անունը տալու պահը՝ «Եւս առաւել՝ զեպիսկոպոսապետն մեր եւ զպատուական հայրապետն» բաժինը, որու ընթացքին կաթողիկոսը կը շարունակէ նստած մնալ: Այստեղ տրամաբանութիւնը հետեւեալը կ՚ըսէ. կա՛մ պէտք է ոտքի կենալ բոլոր անուններու յիշատակութեան ժամանակ՝ կամ նստած՝ նոյնիսկ երբ օրուան կաթողիկոսի անունը կը կարդացուի, որովհետեւ օրուան կաթողիկոսը՝ անկախ իր ով ըլլալէն, չի կրնար աւելի մեծ ու յարգանքի արժանի ըլլալ՝ քան վերոյիշեալ սուրբերը՝ որոնց անունը յիշատակեցինք։ Մեր եկեղեցիներէն պէտք է դո՛ւրս հանել «անձ պաշտել»ու թերի սովորութիւնը։ Օրուան կաթողիկոսը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ընդհանուր տէրն ու սեփականատէրը չէ. ան որոշ ժամանակ կը գտնուի այդտեղ ծառայելու ժողովուրդին։ Այդ պաշտօնը ո՛չ թէ մեծարանքի, այլ տառապանքի պաշտօն պարտի ըլլալ, որովհետեւ դարաւոր եկեղեցւոյ ժառանգորդը ըլլալու հպարտութիւնը ունի իր մէջ եւ այդ հպարտութիւնը ի յայտ պէտք է գայ միայն ու միայն ծառայութեամբ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդկային այս հողաշէն կեանքի մէջ ամէն բարեկարգութիւն Աստուած կրնայ կատարել միայն, մարդ արարածի միջոցով:
ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան