ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԵՔԵՆԱՆ

Անգլիացի գրող Հերպերթ Ճորճ Ուելս մարդկութեան ընթացքն ու վախճանը հետեւեալ ձեւով կը տեսնէ. դասակարգային պայքար, քաղաքակրթութիւններու վերելք եւ վերջապէս անկում։ Քաղաքակրթութիւնը վերելք պիտի ապրի, սակայն, մարդկութիւնը պիտի մեռնի։ Հեղինակը իր վէպին մէջ հասկնալի դարձնելու համար կը նկարագրէ ապագային պատահած տեսարան մը։ Ան կը տեսնէ, թէ երիտասարդներ ջուրին մէջ անհոգ ձեւով կը լողան. ջուրը խորունկ չէ, սակայն, անոնցմէ մին իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով ջուրին յատակը կը յայտնուի եւ ջուրի հոսանքէն կը տարուի։ Իրականութեան մէջ, շուրջը գտնուողները շա՜տ դիւրութեամբ կրնային օգնել ու փրկել զայն, սակայն, ո՛չ ոք օգնելու ճիգ կ՚ընէ։ Մարդ արարածը իրենց աչքերուն դիմաց կը խեղդուէր, սակայն, իրենք անհոգութեամբ իրենց «զուարճանք»ը կը շարունակէին: Իրականութեան մէջ, այս իրադարձութիւնը տեսնելու համար այնքան ալ հեռու երթալու պէտք չկայ։ Մեր ներկան գրեթէ հայելին է այս օրինակին։ Այսօր ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս եղբայր մը իր եղբօր դժուարութեան հանդէպ անտարբեր կը գտնուի: Ինչքան աշխարհը զարգանայ, մարդիկ այնքան իրարու հանդէպ անտարբեր պիտի ըլլան. մարդը մարդուն պիտի չօգնէ՝ նոյնիսկ ամենէն պարզ եղելութիւններու պարագային եւս։ Այս մէկը մարդուն դաժանութենէն յառաջ չի գար. մարդը դաժան ըլլալէ աւելի անտարբեր է եւ կը հաւատանք, որ մարդկութեան մեծագոյն թշնամին ժամանակի ընթացքին պիտի ըլլայ անտարբերութիւնը: 

Անգլիացի հեղինակը կը հաւատայ, որ մարդկութեան մէջէն ամէն զգացում մէկ առ մէկ պիտի անհետանայ եւ վերջաւորութեան անոր մօտ պիտի մնայ միայն մէկը՝ վախի զգացումը։ Մարդ արարած օրէ օր շատ աւելի վախով լեցուն պիտի ըլլայ եւ անոր իրականացումը կամաց-կամաց կը նկատենք մեր շուրջ։ Անծանօթ մը պարզ հարցումով նոյնիսկ դիմէ՝ որոշ պաշտպանողական դիրք մը կ՚ունենանք, կը մտահոգուինք ու կը փորձենք զգոյշ ըլլալ՝ նոյնիսկ եթէ իրապէս պարզ ու անմեղ նպատակով մօտեցող մը ըլլայ: Մարդ պիտի կորսնցնէ սիրելու, նախանձելու, վշտանալու զգացումները, պիտի մոռնայ փառասիրութիւնը, սակայն, պիտի պահէ վախը։ Այս մէկը պիտի ըլլայ միակ կիրքը, որ մնացած պիտի ըլլայ անոր մէջ: Վախը մարդկային այն բնազդն է, որ ի սկզբանէ եղած է մարդուն մէջ՝ գուցէ նոյնիսկ սիրոյ զգացումէն առաջ, սակայն, վախի զգացումը միւս զգացումներէն բաժնողը հետեւեալն է. սէրը, նախանձը, փառասիրութիւնը, հպարտութիւն եւ այլ զգացումներ մարդկային ընկերային կեանքի անբաժան մէկ մասն են, սակայն, վախը ընկերայինէն աւելի անձնական բնոյթ ունի։ Մարդ կրնայ ցանկութիւն չունենալ նոր բաներու, սակայն, ունենալ վախ։ Մարդկային բոլոր զգացումները փոփոխութեան ենթակայ են, սակայն, մահուան հանդէպ անոր ունեցած մտածումները, վախը միշտ ալ կը մնայ ամենէն վերջին զգացումը։ Օրինակը վերցուցէք տարեցներէն. երիտասարդութեան ժամանակ ամէ՛ն զգացում կ՚ապրին, սակայն, մեծահասակ դառնալէ ետք ժամանակի ընթացքին կը մնայ միայն վերջին՝ սիրելիներէն հեռանալու վախը։ Մարդ տարիքէ մը ետք կը հասկնայ, որ միւս բոլոր զգացումները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները ժամանակաւոր են ու անցողիկ:

Հեղինակը շարունակելով կը բացատրէ, թէ ապագային մարդիկ զիրար պիտի չսիրեն։ Անոնք զիրար պիտի «սիրեն» որոշ ակնկալութիւններով։ Անոնց մօտ սիրելու իմաստը պիտի ունենայ հետեւեալ թարգմանութիւնը. «այս անձը ի՞նչ կրնայ տալ ինծի»։ Երեւոյթ՝ որ մեր ներկայ իրականութենէն այնքան ալ հեռու չէ։ Այսօր եւս սիրելի ես մարդոց այնքան ժամանակ՝ ինչքան տալիք ունիս անոնց, երբ նուիրումը վերջ գտնէ՝ ինքնաբերաբար վերջ կը գտնէ նաեւ «սէր»ն ու «յարգանք»ը: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով աշխարհի մէջ մարդը մարդէն պիտի հեռանայ։ Այսօր հաղորդակցութեան շա՜տ աւելի դիւրին միջոցներ գոյութիւն ունին, սակայն, մարդ հեռու կը մնայ անոնցմէ։ Անցեալին կը տեսնենք, թէ օտարութեան մէջ ապրող զաւակը իր մայրը եւ մայրը իր զաւակը ինչպիսի՜ կարօտով կը գրէր, կը փորձէր հաղորդակցիլ անոր հետ։ Այսօր բազմաթի՜ւ զաւակներ ու մայրեր, անտարբերութեամբ հազիւ մի քանի երկտող փոխանցեն շաբաթական՝ հակառակ անոր, որ հաղորդակցելու միջոցները շատ աւելի յառաջդիմած են: 

Մարդկութեան վախճանը մենք կը տեսնենք անտարբերութեան եւ նոյնքան անիմաստ պայքարի մէջ։ Մերօրեայ մարդը ինչո՞ւ համար կ՚ապրի. կ՚ուզէ ձեռք բերել տուներ, ինքնաշարժներ, ընկերութիւններ, լուսանկարներ եւ բազմաթի՜ւ ժամանակաւոր բաներ, որոնք վերջաւորութեան պիտի մնան անտէր ու մոռացութեան տրուին։ Տարօրինակ չէ՞, որ մարդ իր ետին պիտի ձգէ բոլոր այն բաները, որոնցմէ այսօր չի կրնար բաժնուիլ։ Հեռաձայնը, համակարգիչը, գիրքերը, նամակները, դրամները, զարդերը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան պիտի մնայ այս աշխարհին վրայ, սակայն, ինք պիտի մեկնի: Պայքար՝ որ վերջաւորութեան միշտ կորուստով վերջ պիտի գտնէ։ Մարդ սէրը, երախտագիտութիւնը, մարդկային սրբազան արժէքները զարգացնելու փոխարէն մեքենայ պիտի դառնայ եւ վերջաւորութեան մեքենայի մը պէս պիտի ունենայ իր վախճանը։ Ժամանակ մը ետք մոռացութեան պիտի դատապարտուի եւ այն կեանքը, որ դժուարին պայքարներով անցուց՝ պիտի դառնայ ոչինչ. ո՛չ նոյնիսկ յուշ:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն մի ազգային ստեղծագործութիւն ո՛չ միայն ազգային է, այլ նաեւ համամարդկային, որովհետեւ ազգային արժէքները սպառողը ո՛չ միայն ազգն է, այլեւ մարդկութիւնը իր ամբողջութեամբ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026