«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՆ Է ՀՈԳՒՈՅՍ»
Կիրակի, սեպտեմբերի 27-ին, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի հրաւէրով, մասնակցեցայ Շիքակոյի Էվանսթըն քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Օրուան պատարագիչը Մեսրոպ Սրբազանն էր, որ նոյն առիթով սարկաւագ ձեռնադրեց երկու ամերիկահայ երիտասարդներ։ Անոնցմէ մէկը չորրորդ սերունդի զաւակ էր, իսկ միւսը՝ առաջին սերունդի։ Երկուքն ալ շնորհալի, պատրաստուած եւ նուիրեալ երիտասարդներ էին։
Նախորդ երեկոյ, ընդունելութեան մը ընթացքին, հայ երիտասարդուհի մը մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, թէ կարելի՞ է հետեւիլ այլ կրօնքի կամ յարանուանութեան եւ ինչո՞ւ հայուն համար անհրաժեշտ է մաս կազմել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Հարցումը պարզ էր, բայց խորիմաստ։ Փորձեցի տարբեր ձեւերով բացատրել, թէ Հայ Եկեղեցին հայուն համար միայն դաւանական պատկանելիութիւն մը չէ, այլ հոգեւոր ինքնութեան, ազգային յիշողութեան եւ պատմական շարունակութեան կենդանի վայրը։
Կիրակի առաւօտ, սարկաւագական ձեռնադրութեան պահուն, դիտելով այդ երկու ամերիկահայ երիտասարդները, խոր մտածումի մէջ ինկայ։ Յիշեցի մեր այն սերունդները, որոնք ցեղասպանութենէն փրկուած՝ օտար ափերու վրայ վերստին կեանք կառուցեցին։ Անոնք, զրկուած հայրենիքէ ու տունէ, չզրկուեցան իրենց հոգիէն ու հաւատքէն։ Այդ պատճառով ալ եկեղեցի հիմնեցին՝ ո՛չ միայն որպէս աղօթքի տուն, այլեւ որպէս ազգային հոգիի ապաստարան, յիշողութեան պահոց եւ ժառանգութեան օրրան։ Եւ այդ եկեղեցւոյ շնորհիւ կարելի եղաւ սերունդներ շարունակ կենդանի պահել հայկական ոգին՝ իր հոգեւոր եւ ազգային ամբողջութեամբ։
«Հոգին աւելի է, քան մարմինը»։ Ցեղասպանութենէն փրկուած հանգուցեալ հայրս յաճախ կ՚ըսէր. «Նախ հոգւոյ առողջութիւն, ապա մարմնի»։ Այս խօսքը անոր կեանքի ուղեցոյցն էր։ Ան այդ համոզումով ապրեցաւ եւ, կեանքէն գոհ ու խաղաղ, հեռացաւ այս ժամանակաւոր աշխարհէն դէպի յաւիտենականութիւն։
Այո՛, ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդը կարողացաւ վերապրիլ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ հաւատարիմ մնաց իր արմատներուն, իր հայկական ոգիին եւ հոգեւոր ժառանգութեան։ Հայ Եկեղեցին եղաւ այն սրբազան օրրանը, ուր նոր սերունդներ կազմուեցան հոգեւոր եւ ազգային արթուն գիտակցութեամբ։ Ան եղաւ այն ամուր կամուրջը, որ անցեալը կապեց ապագային եւ ժառանգութիւնը փոխանցեց սերունդէ սերունդ։
Այդ սերունդները, պահելով իրենց հայկական ինքնութիւնը, միաժամանակ դարձան իրենց ապրած երկիրներու եւ քաղաքներու ազնիւ, պատուաւոր եւ օգտակար քաղաքացիներ։
Ահա այդ ոգիին եւ առաքելութեան կենդանի արդիւնքներն են ձեռնադրուող այս երկու երիտասարդները։ Անոնք ազնիւ, մաքուր եւ շնորհալի երիտասարդներ են, բայց նաեւ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներ։ Անոնց մէջ կը շարունակուի մեր ժողովուրդի հոգեւոր ընթացքը եւ անոնց ծառայութեան մէջ կը վերանորոգուի մեր հաւաքական հաւատքն ու յոյսը։
Այս բոլոր մտածումներուս մէջ յիշեցի մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի՝ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրուած նշանաւոր տողը. «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս»։ Արդարեւ, այդ մէկ տողին մէջ ամփոփուած է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, յիշողութիւնը, կորուստն ու վերածնունդը։ Որովհետեւ Հայ Եկեղեցին միայն աղօթավայր մը չէ, այլ այն սրբազան վայրը, ուր հայ հոգին կը ծնի, կը զօրանայ եւ կը շարունակէ իր ճամբան։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ