ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երբ առաւօտեան քունէն արթննաս, երեսդ լուաս ու նախաճաշես, ես կը փափաքիմ, որ իւրաքանչիւր մարդ ունենայ նաեւ իր հոգեւոր նախաճաշը եւ զայն հոգալը նոյնքան կարեւոր նկատէ, որքան՝ մարմնական նախաճաշինը։ Որովհետեւ հոգին ստամոքսէն նուազ կարեւոր չէ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ կը հոգանք մարմնական պահանջներուն, կը զբաղինք անոնցմով, իսկ հոգիին պահանջները կը մոռնանք։ 

Ինչպէս ամէնօրեայ նախաճաշդ մարմինիդ ուժ կու տայ, նոյնպէս հոգեւոր նախաճաշդ քեզի ուժ եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ։

Ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ յաջողութիւնդ եւ երջանկութիւնդ մեծապէս կախում ունին այս հոգեւոր սնունդէն. որովհետեւ, երջանկութիւնը աւելի շատ կախում ունի կամքէդ եւ մտածելակերպէդ, քան՝ կեանքին մէջ պատահած դէպքերէն։ Հետեւաբար, պէտք է մենք մեզ յարմարցնենք ամէն օր մեր դիմագրաւած իրադարձութիւններուն, որպէսզի հեռու մնանք տառապանքէն։

Մեր կամքը կրնայ հեռացնել այն թունաւորումները, որոնք մտածումները կը սփռեն միտքին մէջ։ Կամքն է նաեւ, որ կրնայ սահման դնել վախին եւ ջղային լարուածութեան, որոնք մարդուն անհանգստութիւն կը պատճառեն։ Կամքն է, որ կրնայ կասեցնել բարկութիւնը եւ սահման դնել հպարտութեան։ Կամքն է նաեւ, որ կը մեղմացնէ մեր վերաբերմունքը այն մարդոց հանդէպ, որոնց հետ կը գործակցինք եւ կը վերացնէ այն տարաձայնութիւնները, որոնք կրնան ծագիլ մեր եւ մեր գործակիցներուն միջեւ՝ վերականգնելով փոխադարձ վստահութիւնն ու բարեկամութիւնը։

Քու զօրաւոր հոգիդ՝ որ մշտապէս կը սնուցանես հոգեւոր սնունդով, այն է, որ քեզ կը հեռացնէ մարդիկը խաբելու եւ անոնց հանդէպ անազնիւ ըլլալու փորձութենէն։ 

Իսկ առողջ հոգիդ այն է, որ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ մարդոց հետ քու յարաբերութիւններուդ մէջ, կը նպաստէ անոնց երջանկութեան եւ միաժամանակ՝ կ՚ուրախացնէ քեզ։

Այդ հոգեւոր առողջութիւնն է նաեւ, որ քու կեանքդ ընտանիքիդ, դրացիներուդ եւ գործակիցներուդ հետ կը դարձնէ խաղաղ, քաղցր ու հաճելի։ 

Անիկա, կարծես, իւղոտուած մեքենայի կը նմանի, առանց որու մեքենան կը ճռճռայ, որովհետեւ ձէթ չունի։

Ինչպէ՞ս խուսափիլ սխալներէն:

Այս հոգեւոր սնունդին մաս կը կազմէ նաեւ ամէն օր, օրուան վերջաւորութեան, մօտաւորապէս կէս ժամ տրամադրել ինքզինքիդ եւ հաշուետու ըլլալ քու անձիդ՝ մտածելով, թէ ի՞նչ ըրիր անցնող օրուան ընթացքին եւ ինչպէ՞ս կրնաս խուսափիլ այն սխալներէն, որոնք գործեցիր։ 

Շատեր ամբողջովին կլանուած են կա՛մ գիտելիք հաւաքելով, կա՛մ հարստութիւն դիզելով։ Սակայն, այդ բոլորին հետ միասին, անոնք իրենց ցանկութիւններուն ու փափաքներուն գերիներն են։

Ասոնցմէ շատ աւելի օգտակար է ժամանակ մը տրամադրել ինքզինքիդ. որովհետեւ այդ ժամանակը կրնայ քեզի աւելի մեծ երջանկութիւն ապահովել, քան աշխատանքդ ու հարստութիւնդ։

Մարդուն ինքն իր հետ խաղաղ ըլլալը հոգեւոր սնունդ մըն է, որ աւելի արժէքաւոր է, քան անդադար աշխատիլը եւ հարստութիւն դիզելը։

Այս հոգեւոր սնունդը, երբ առաւօտ եւ իրիկուն կը ստանաս, քեզ կը մղէ ներելու քեզ վիրաւորողին եւ անոր վիրաւորանքը նկատելու իբրեւ իր միջավայրին ու հոգեվիճակին բնական հետեւանքը։

Դուն քեզի ըսէ, որ եթէ իր տեղը ըլլայիր, նոյն բնաւորութիւնն ու նոյն միջավայրը ունենայիր, թերեւս դուն ալ նոյնպէս վարուէիր։

Հոգեւոր սնունդը կը նուազեցնէ նաեւ քու չափազանց փափաքներդ եւ քեզի կը սորվեցնէ գոհ ըլլալ այն ամէն բանէն, որ օրը քեզի բերաւ՝ կերածէդ ու խմածէդ, կատարած աշխատանքէդ եւ հանդիպած մարդոցմէ։ Այդպէս, երբ օրուան վերջաւորութեան ինքզինքդ քննես, օրը կ՚աւարտես այն համոզումով, թէ երջանիկ օր մը ապրեցար եւ այդ օրը կ՚աւելնայ քու երջանիկ կեանքիդ շղթային։

Կը սխալի ան, որ կը կարծէ, թէ միայն դրամը երջանկութիւն կը պատճառէ։ Եթէ դրամը երջանկութեան պատճառ դարձող ազդակներէն մէկն է եւ անոր բաժինը տասը տոկոս է, ապա հոգեկան վիճակն է, որ կը կազմէ մնացեալ իննսուն տոկոսը։ 

Քանի՜ մարդ կը տեսնենք, որ մեծ եռանդով կը հետապնդէ շահը եւ հարստութեան մեծ չափի մը հասած է, սակայն, այդուհանդերձ, իր հոգիով ու ներաշխարհով դժբախտ է։

Կ՚ըսուի, թէ Սողոմոն իմաստունին տրուեցան երկրի գանձերը եւ անոր համար շքեղ պալատներ կառուցուեցան։ Այդուհանդերձ ան կ՚ըսէ, թէ այս բոլորը ունայնութիւն են եւ բացի հոգիի երջանկութենէն ոչինչ արժէք ունի։ 

Թերեւս երեխային սիրտը շատ մը մարդոց սիրտէն աւելի երջանիկ վիճակի մէջ է. որովհետեւ ան կ՚ուրախանայ արեւածագով, կ՚ուրախանայ իր փոքրիկ խաղով, որով կը զբաղի, կ՚ուրախանայ մարզական խաղերով, կը հիանայ երկինքին մէջ թռչող թռչուններով եւ կ՚ուրախանայ բնութեան գեղեցիկ տեսարաններով՝ ծովուն տեսարանով, լեռներուն տեսարանով։ Սակայն երբ մեծնանք, կը կորսնցնենք այս գեղեցիկ զգացումները եւ մեր հոգիները կը չորնան, որովհետեւ զանոնք չենք սնուցաներ։ Իսկ երբ մահուան պահը հասնի, այն ատեն կը հասկնանք, թէ յաճախ ապրած ենք պատրանքներու մէջ։

Եւ ոչինչ այնքան լաւ չի սնուցաներ հոգին, որքան սէրը՝ իր լայն իմաստով։ Մարդոց համար բարիք ցանկալը, գեղեցիկ տեսարանները սիրելը եւ որքան կարելի է՝ ուրիշները երջանկացնելը՝ այս բոլորը հոգեւոր սնունդ են։ 

Բնածին շնորհները՝ հոգիին սնունդ:

Կան մարդիկ, որոնց այնպիսի շնորհներ տրուած են, որ ամէն բանի մէջ հոգիին սնունդը կը գտնեն՝ ծաղիկին ու անոր թարմութեան մէջ, ջուրին ու անոր հոսքին մէջ, արեւուն ու անոր պայծառութեան մէջ, լուսինին մէջ, երբ ան կը հետեւի արեւին, ցերեկին մէջ, երբ ան իր լոյսով կը լուսաւորէ ամէն ինչ եւ գիշերուան մէջ, երբ ան իր մութ քօղը կը տարածէ բնութեան վրայ։

Մինչդեռ կան մարդիկ, որոնք այս բոլորը անիմաստ երեւակայութիւն կը նկատեն եւ միայն դրամով ու զայն կուտակելով, կամ իրենց ցանկութիւնները բաւարարելով կը զբաղին։ Անոնց սիրտերը կուրցած են, ինչպէս որ ոմանց աչքերը կուրցած են։

Հոգեւոր կեանքը ամէն բանի նոր համ մը կու տայ, տարբեր համ մը՝ անոր զուտ նիւթական համէն։ Ան գիտելիքը նոր կերպով զգալ կու տայ, տեսարաններուն ու զգացումներուն նոր իմաստ մը կը հաղորդէ, որ կրնայ հասկնալ միայն ան, որ անձամբ ճաշակած է զայն։ Այս հոգեւոր հարստութեամբ մարդ երբեմն առանձնութեան մէջ ալ այնպիսի հաճոյք կը գտնէ, որ կրնայ չնուազիլ մարդոց հետ ընկերակցելու ուրախութենէն, որովհետեւ իր հոգեւոր աշխարհը դատարկ չէ, ինչպէս նիւթապաշտ հոգին։

Ցաւալի է, որ այսօր աշխարհը իր գիւտերով ու ճարտարարուեստով մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած է, սակայն, միեւնոյն ժամանակ շատ բան կորսնցուցած է իր հոգեւոր եւ բարոյական կեանքին մէջ։ Եթէ աշխարհը քիչ մը աւելի զարգացած ըլլար նաեւ հոգեւոր իմաստով, այսօր ազգերուն միջեւ այսքան սուր պայքարներ չէին ըլլար, այսքան դաժան պատերազմներ չէին ծագեր եւ այսքան անողոք աւերումներ ու աթոմական ռումբեր չէին սպառնար մարդկութեան։ Աշխարհը առողջ կրնայ ըլլալ միայն այն ատեն, երբ անոր ձեռքը, սիրտը եւ միտքը հաւասարակշռուած ըլլան։ Երբ այս երեք ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը խախտի, մարդուն տառապանքը կը շատնայ։

Այսօր մարդը իր ձեռքերով շատ բան կը ստեղծէ, իր միտքով մեծ ուժ ձեռք բերած է, բայց սիրտը թոյլ է։ Եւ հոն է իր դժբախտութեան պատճառը։ 

Այս դժբախտութեան միակ դարմանն է փնտռել այնպիսի կեանքի ուղի մը, որ այս երեք ուժերը՝ ձեռքը, միտքը եւ սիրտը, իրարու հետ ներդաշնակութեան մէջ դնէ, ապա՝ հաւատարիմ կերպով հետեւիլ այդ ուղիին։ 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ 


(*) Ահմատ Ամին (1886-1954) եգիպտացի նշանաւոր գրող, պատմաբան, մտաւորական եւ գրականագէտ։ Ան երկար տարիներ դասաւանդած է Գահիրէի համալսարանին մէջ եւ իր աշխատութիւններով մեծ ներդրում ունեցած է արաբական եւ իսլամական մշակոյթի ու մտաւոր պատմութեան ուսումնասիրութեան գործին։ Իր գրութիւններուն մէջ ան յաճախ անդրադարձած է նաեւ մարդուն բարոյական ու հոգեւոր կեանքին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2026