ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Կան անուններ, որոնք միշտ միասին կը յիշուին։ Զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Կը լրացնեն։ Միասին կը շնչեն։ Նոյն յարկի տակ կ՚ապրին։ Նոյն ակէն ջուր կը խմեն։ Միասին կը տառապին եւ նոյնքան ալ՝ միասին կ՚ուրախանան։

Ինծի համար այդ անուններէն են ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ու Նատիա Գօչունեանը։ Այս երկուքն ալ իրենց հարազատ տեղը գրաւած են՝ անցեալն ու ներկան վկայող իրենց պատկանած ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Ու իբրեւ իրաւ ներկայութիւն՝ երկուքին համար ալ անձնապէս ունիմ սքանչացում մը՝ իրենց սիրոյ, գուրգուրանքի, հաւատքի տեւական եւ օրինակելի ներկայութեան համար, Պոլսոյ մէջ։ Անկեղծութեամբ կը խոստովանիմ, որովհետեւ երախտապարտ գոյն կայ բառերուս երկայնքին։

Ինծի համար, այս երկու անուններուն ներկայութիւնը պոլսահայ մամլոյ կեանքին մէջ եղած է օրհնութիւն, նաեւ լուսեղէն ներկայութիւն։ Իսկ ահա՛, հովանաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ նախաձեռնութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի, մեծարանքի արժանավայել հանդիսութիւն մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ բազմավաստակ հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի՝ ծննդեան 75-ամեակի եւ անոր լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի զոյգ յոբելեաններուն առթիւ։ Անձնապէս երկուքն ալ շատ մօտիկէն ճանչցայ, միաժամանակ։ 

Ու ողջունելով այս նախաձեռնութիւնը՝ նաեւ աւելցնեմ, որ Նատիան հայ մամուլին, գիրին եւ գրականութեան իբրեւ նուիրեալներէն մին, դարձած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կարեւոր սիւնը՝ իր ստեղծած միտքերով, գաղափարներով, սահուն ոճով, անվիճելի կարողականութեամբ եւ հոգեկան հեւքով։ Այս բոլոր ազդակներուն շնորհիւ, Նատիան տասնամեակներով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը պահած է պոլսահայ կեանքի անբաժանելի մէկ անդամը։

Տակաւին, Նատիա Գօչունեան, պոլսահայ մամուլէն ներս վար ու ցան ընող մշակ, իբրեւ համեստ սպասարկու՝ իր թելադրանքներով, քաջալերանքներով եւ գնահատանք-ցուցմունքներով, մանաւանդ ժամանակի կուրծքին տակ բաբախող իր սրտով, կը շարունակէ իր խոնջէնքը համեստօրէն, սիրով եւ հաւատքով։ Պէտք է նաեւ յիշեցնել, որ երախտագիտութեան զգացումը մարդու ստորոգելիներէն մին է, իսկ արժանիքները ճանչնալն ու մեծարելը՝ յատուկ բարեմասնութիւն։ 

Անոր համար գաղութէն ներս, մշակոյթի գետնի վրայ երկարամեայ վաստակի տէր անձերը՝ կենդանութեան օրօք պատուելու անհրաժեշտութեամբ հանդերձ՝ նաեւ երախտապարտ զգացում է, որ որոշ վարք եւ կշիռք կու տայ նախաձեռնողին՝ վերարժեւորման կողքին։ Ու երբ հրապարակային կերպով կը նշենք, կը յիշենք, կը մեծարենք Նատիան, արդէն իսկ մենք զմեզ արժեւորած կ՚ըլլանք։

Աւելցնեմ, որ մարդու մը կենսագրութիւնը ուրիշ բան մը չէ՝ եթէ ոչ նոյն մարդուն հարազատ դիմանկարը, անոր անցած կեանքի ճանապարհը բոլոր գոյներով, ելեւէջներով, հնարաւորութիւններով, ուրախութիւններով եւ տխրութիւններով։ Իսկ այս օրերուն, ահա՛ հարազատ օրինակ մը՝ Նատիա Գօչունեան... 

Արդ, այս առթիւ՝ իբրեւ մօտիկէն ճանչցած մարդ, յարգանք եւ համակրանք վայելած ու հայ ինքնութեան հաւատարիմ Նատիա Գօչունեանը նախ սրտանց կը շնորհաւորեմ ու կը մաղթեմ արեւշատութիւն, առողջութիւն, աննկուն ներկայութիւն որպէսզի իր վարակիչ օրինակով շարունակէ հայ գիրին, գրականութեան ճամբով՝ հայ մամուլին իր անսակարկ ներդրումը։

Ուժ եւ կորով։ 

Ծնունդդ շնորհաւոր յարգելի Նատիա։

Դուն արժանի ես այս իւրայատուկ մեծարանքին։

Վարձքդ կատար։

Ունիմ հպարտութիւնը ձեզ մօտէն ճանչնալու՝ սքանչացումիս կողքին։ Նաեւ ի սրտէ «ապրիք» մը նման նախաձեռնութիւն մը իրականութիւն դարձնողներուն։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026