ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋ

90-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ շատ էին «թիթեռնիկ» լրագրերը։ Կը ստեղծուէին, մէկ, երկու, առաւելագոյնը երեք տարի կը հրատարակուէին ու կը փակուէին ինչ-ինչ պատճառներով։ 

Այդ պատճառներու մէջ խմբագիրներու, լրագրողներու մասնագիտական կարողութիւնն ու հմտութիւնը ամենավերջին տեղին էին։ Առաջին հորիզոնականներուն վրայ էին թեքնիք, տնտեսական, ելմտական խնդիրները եւ ատոնք լիուլի բաւարար էին լրագրի «թիթեռնիկ»ութիւնը պատճառաբանելու համար։ 

Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հետ առաջին շփումս եղած է վաղ 90-ականներէն մօտ մէկուկէս տասնամեակ անց։ 2007-ին էր, կարծեմ, որ ծանօթացայ թերթի երիտասարդ խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ, իսկ երկու-երեք տարի անց իր նախաձեռնութեամբ սկսանք «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» ֆիլմի նկարահանումները։ Այդ գործընթացն ալ ինձ հնարաւորութիւն տուաւ մօտէն ծանօթանալու հայ մամլոյ պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող թերթի մը հետ, որ արդէն 118 տարի անընդմէջ կը հրատարակուի։ 

Ֆիլմը կը պատրաստէինք թերթի 100-ամեակին կամ ինչպէս արեւմտահայերէն կ՚ըսեն՝ դարադարձին առիթով։ Որպէս բեմագրութեան հեղինակ՝ կը մտածէի, որ ֆիլմի մեխը պիտի դարձնեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երկարակեցութեան գաղտնիքը՝ խորհրդաւոր ու երեւի նաեւ՝ առեղծուածային դրուագներով, բայց, շատ արագ պարզուեցաւ, որ որեւէ գաղտնիք կամ որեւէ խորհրդաւորութիւն ալ չկայ։ 

Երկու նահապետներ՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները կը հիմնեն օրաթերթ մը, որ ամենաբարդ ժամանակներուն կը պահպանէ իր կենսունակութիւնը։ Եւ այդ կենսունակութիւնը օրաթերթը կը պահպանէ կենեթիկ յանձնառութեան շնորհիւ։ Գօչունեան ընտանիքէն ամէն մարդ՝ սերունդէ սերունդ, իր պարտքը կը համարէ կրելու կենսունակութեան այդ բեռը։ Նախ Սարգիսի որդիները՝ Մարտիրոս, Մելիք, Արայ, նաեւ դուստրերը՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով, յետոյ… 

Բայց, «յետոյ»ի մասին խօսելէ առաջ, հարկ է յիշել զայն, որու յոբելեանի առթիւ կը գրուի այս յօդուածը։ 

Նատիա Գօչունեան։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աւագ սերունդի վերջին խմբագիր Արա Գօչունեանի հարսը օրաթերթի յարատեւութիւնը ապահովելու յանձնառութիւնը կը ստանձնէ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ դադարի, փակուելու, պատմութեան գիրկը անցնելու հաւանականութիւնը մեծ էր, որովհետեւ աւագ եւ կրտսեր սերունդներու միջեւ տարիքային անդունդ մը կար՝ աւագները շատ աւագ էին, կրտսերը՝ այսօրուայ խմբագիր Արա Գօչունեանը, շատ կրտսեր էր։ 

Նատիա Գօչունեան կամայ թէ ակամայ, գիտակցուած կամ յախուռն կը ստանձնէ այդ անդունդը կամրջողի դերը։ 

Տնտեսագէտի համալսարանական իր կրթութեամբ ան կրնար էր այլ ոլորտներու մէջ յառաջընթաց ունենալ, կրնար էր հայկական վարժարաններու կամ այլ հաստատութիւններու մէջ ներդնել իր ընդունակութիւնները, բայց, ան ճշգրտօրէն գնահատած էր ընտանեկան ներուժի պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ 

Եւ եթէ մինչեւ նախորդ դարու 80-ականները ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դեռ կը հոսէր հիմնադիրներու անմիջական ժառանգորդներու երակներով, անոնցմէ յետոյ պիտի անցնէր յանձնառութեան կամուրջով։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ ծանօթութիւնս, մեղքս չթաքցնեմ, ինձ ամօթով թողեց։ 90-ական թուականներու «թիթեռնիկ» թերթերէն մէկու խմբագիրն ալ ես էի եւ ընկրկած էի ժամանակաւոր դժուարութիւններու առջեւ։ Եթէ այդպէս չըլլար, իմ խմբագրած թերթը հիմա 33 տարեկան կ՚ըլլար։ 33-ը 118 չէ, բայց, յամառութեամբ ու յանձնառութեամբ գուցէ օր մը դառնար։

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026