ԱԿՆԱՐԿ - 176 - ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԵՂԿԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
21 Սեպտեմբեր 2026:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօն:
Երէկ, մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը լեցուն էր «հայ»երով, որոնք կը «նշէին» անկախութեան տօն:
Մինչ այդ երկրի առաջին դէմքը՝ թատրոնի վարպետը չեմ գիտեր ի՛նչ շքանշան յանձնած էր իր իշխանաւորներէն քանի մը հոգիին, իրենց՝ հայրենիքին «մատուցած ծառայութիւն»ներուն համար (այստեղ պէտք է հարցնել սակայն, թէ իշխանաւորներէն բացի ո՞չ ոք ծառայութիւն կը մատուցէ այս երկրին, որ արժանի է պարգեւատրումի. օրինակ՝ համալսարանի դասխաօս մը, ուսուցիչ մը, կէս գիշերէն ետք Երեւանի կամ այլ քաղաքներու փողոցները մաքրող տարիքաւոր ա՛յր թէ կի՛ն քաղաքացիներ, մեր աղբը մաքրող պաշտօնեաներ…):
Իրիկունը երգ, պար, ուրախութիւն, գոռում-գոչիւն, ուրախութեան բացագանչութիւններ, ծափեր, ծիծաղ, մէկ խօսքով «մէ խինդ, մէ ուրախութիւն»:
Այս բոլորին ի տես, պահ մը կը մտածես, թէ՝
արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ իր հողերէն զգալի մաս մը կորսնցուց:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որ դարձեալ քանի մը տարիներ առաջ շուրջ հինգ հազար հայորդիներ հողին յանձնեց, հարիւրաւոր երեխաներ որբացուց եւ կիներ այրի ձգեց, աւելի քան հարիւր հազար արցախցիներ իրենց պապենական հողն ու ջուրը, տունն ու տեղը ստիպուած են լքելու եւ հեռանալու անվերադարձ…
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, ուր ապրիլը օր օրի կը դժուարանայ՝ շնորհիւ ապաշնորհ կառավարման:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, ուր օրը ցերեկով մեր մատղաշ սերունդին ինչ տեսակի թմրանիւթ ըսես չի հրամցուիր:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որու ամենէն նուիրական կառոյցը՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կատաղիօրէն յարձակումի կ՚ենթարկուի, այսպէս կոչուած «հայրենի» իշխանութիւններուն կողմէ:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որու ամենէն կարեւոր կառոյցը՝ Ազգային ժողովը ո՛չ միայն վերածուած է մանկապարտէզի, այլեւ անբարոյականութեան դասեր սփռելու կառոյցի:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որու առողջապահական համակարգը ահաւոր կերպով ապականուած է եւ չի՛ գործեր ըստ պատշաճի:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որու ուսումնական կեդրոնները՝ մանկապարտէզներէն սկսեալ մինչեւ համալսարաններ, վերածուած են մեր սերունդներուն ուղեղները փճացնելու, վերածելով զանոնք չտրամաբանող մասսայի մը, զոր կարելի է դիւրութեամբ կառավարել:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որու գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս ջուրի, կազի եւ ելեկտրականութեան յաճախակի ընդհատումները վերածուած են սովորական երեւոյթի, ըսէք ժողովուրդը այդ ընկերութիւններուն խաղալիք խամաճիկները ըլլան:
Արդեօ՞ք սա Հայաստանն է, որու ճամբաները քարուքանդ են, ո՛չ մէկ քաղաքի մէջ՝ սկսած մայրաքաղաք Երեւանէն չքանդուած փողոց մը չկայ, փոշի, ցեխ, փոսեր…
Երէկուան Հանրապետութեան Հրապարակի մէջ կատարուածին ականատես ըլլալով, շարքային քաղաքացին պիտի դժուարանայ ըսելու, թէ այո՛, սա այդ նո՛յն Հայաստանն է:
Այստեղ խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը նշել-չնշելը չէ։ Խնդիրը այն է, թէ՝ ի՞նչ կը հասկնանք անկախութիւն ըսելով։
Անկախութիւնը միայն դրօշակ, քայլերգ, երգ ու պար չէ։ Անկախութիւնը միայն հրապարակներ լեցնելու եւ ամբոխին «ուրախութիւն» հրամցնելու օր մը չէ։
Անկախութիւնը նախ եւ առաջ պետութիւն ունենալու գիտակցութիւնն է, հայրենի հողին տէր կանգնելու պատրաստակամութիւնն է, քաղաքացիին արժանապատուութիւնը պահպանելն է, երկրի ապագային նկատմամբ պատասխանատուութիւն կրելն է։
Եթէ ժողովուրդը կը ստիպուի հայրենի հողէն հեռանալ, եթէ երիտասարդը իր ապագան հայրենիքէն դուրս կը փնտռէ, եթէ ծնողը չի գիտեր վաղը իր զաւակը ի՞նչ Հայաստանի մէջ պիտի ապրի, ապա միայն հրապարակ մը լեցնելով ու բարձրախօսներու ձայնը մինչեւ երկինք հասցնելով կարելի չէ՛ ապացուցել անկախութիւնը։
Անկախութիւնը տօնելու փոխարէն՝ նախ պէտք է զայն արժանի ըլլանք տօնելու։ Իսկական տօնը այն օրը պիտի ըլլայ, երբ Հայաստանի քաղաքացին իր պետութեան մէջ իրեն օտար չզգայ, երբ արդարութիւնը արտօնեալներու եւ սովորական քաղաքացիներու միջեւ տարբերութիւն չդնէ, երբ աշխատանքը արժեւորուի, կրթութիւնը գիտելիք տայ, առողջապահութիւնը մարդուն կեանքը պաշտպանէ, իսկ իշխանութիւնը ծառայէ պետութեան եւ ոչ թէ պետութիւնը՝ իշխանութեան։
Այդ ժամանակ միայն Հանրապետութեան հրապարակին երգն ու պարը պիտի ունենան իրենց իսկական իմաստը:
Մինչ այդ, երէկուան կատարուածը աւելի շատ խեղկատակութեան մը նման էր, քան անկախութեան արժանավայել տօնակատարութեան։
Ամենէն տխուրն այն է, որ այս խեղկատակութեան գինը ժողովուրդը կը վճարէ։
Բայց պատմութիւնը չի՛ խաբուիր հրապարակներու աղմուկով, ծափերով, երգ ու պարով, պարսիկով, հնդիկով, ռուսով եւ այլազգի քաղաքացիներով։ Պատմութիւնը կը հաշուէ կորուստները, կը յիշէ լքուած գիւղերը, կը յիշէ անմեղ զոհերը, կը յիշէ իրենց տունէն ու հայրենիքէն զրկուած հայորդիները եւ կը հարցնէ՝ ո՞ւր էր պետութիւնը։
Անկախութեան տօնը այն օրը չէ, երբ իշխանութիւնը բեմ կը բարձրանայ եւ ժողովուրդին կը հրամցնէ քանի մը ժամուան ուրախութեան տեսարան։ Անկախութեան իսկական տօնը այն օրն է, երբ հայը այլեւս ստիպուած չըլլար լքելու իր հայրենիքը, երբ մեր երիտասարդը ապագայ չփնտռէ օտար երկինքներու տակ, երբ հայ զինուորը իր կեանքը վստահուած հայրենիքի մը համար զոհէ եւ ոչ թէ անորոշութեան ու անպատասխանատուութեան գինով, երբ հայ ժողովուրդը իր պետութեան մէջ զգայ, որ պետութիւնը իրն է, հայրենիքը իրն է, իսկ իշխանութիւնը՝ իրեն ծառայողը։ Այդ օրը թող երգենք, պարենք, ծափահարենք եւ հպարտութեամբ ըսենք՝ Անկախութիւն է։
Մինչ այդ՝ ո՛չ ոք թող փորձէ համոզել մեզ, թէ բարձրախօսի ձայնը կը ծածկէ պատմութեան լռութիւնը, իսկ ծափահարութիւնները, շքանշաններն ու երգ ու պարը՝ հայրենիքի մութ իրականութիւնը։ Որովհետեւ ժողովուրդը կրնայ ժամանակ մը ծափահարել, բայց հայրենիքը չի՛ ծափահարեր։ Հայրենիքը կը սպասէ պատասխաններու։
Եւ այդ պատասխանները՝ ուշ կամ կանուխ պիտի պահանջուին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Յ.Գ.- Գրութեանս սկիզբը անդրադարձած է պարգեւատրումներու մասին: Այս գրութիւնս կը պատրաստուէի խմբագրութիւն ղրկել, երբ աչքովս ինկաւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի դիմատետրեան հետեւեալ գրառումը.
«Մեր սիրելի Հայաստանին մէջ չկա՞յ սարերուն վրայ, արեւ-անձրեւին տակ, ոտքերը թաց անասնապահ մը կամ հովիւ մը, որ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններ ունենայ:
Կամ հողագործ մը:
Կամ ալ՝ լոյսը բացուելուն հետ փողոցներ մաքրող կին մը եւ քաղաքի ծառերուն ջուր տուող տղամարդ մը:
Ինչպէս կը տեսնեմ՝ հայրենիքին ծառայութիւն մատուցած են մեր իշխանական տարբեր ներկայացուցիչները միայն եւ 21 Սեպտեմբերին անոնց մետալներ կու տան»: