ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ասորի ուխտաւորներ։ Այսպէս, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի թեմի կողմէ կազմակերպուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցներու գլուխը կը գտնուէր Հայր Ժոզէֆ Շամուն, որ Նիւ Ճըրզիի Ս. Մարկոս մայր տաճարի հոգեւոր հովիւն է։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց ասորի ուխտաւորներու՝ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան անդրադարձաւ Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու սերտ ու ջերմ յարաբերութիւններուն, որոնք մշտապէս ամրապնդուած են փոխադարձ սիրով եւ աղօթական զօրակցութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքի հետ իր երկարամեայ բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ մշտապէս դրսեւորուած եղբայրական սիրոյ եւ զօրակցութեան։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Եփրեմ Բ. Պատրիարքին։
Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը Հայր Ժոզէֆ Շամունի նկատմամբ՝ ուխտագնացութեան կազմակերպման համար։ Ան մաղթեց, որ նման այցելութիւնները դառնան բարի աւանդութիւն՝ ամրապնդելով երկու եկեղեցիներու հաւատաւոր զաւակներու հոգեւոր հաղորդակցութիւնն ու աղօթական միութիւնը։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ ուխտագնացութիւնը հոգեւոր նորոգութեան առիթ կ՚ըլլայ բոլորին համար՝ զօրացնելով անոնց հաւատն առ Աստուած եւ սէրն առ Սուրբ Եկեղեցի։
Հարկ է յիշեցնել, որ Հայց. Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիները դաւանակից են։ Մօտաւոր անցեալին Եփրեմ Բ. Պատրիարքը կարճատեւ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուած էր Հայաստան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ։