ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանը։ Այսպէս, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան մը։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեան եւ ընկերները, նաեւ թաղի յարակից մարմիններէն այլ ներկայացուցիչներ համախմբուեցան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին շուրջ։ Արտասանուեցան սրտի խօսքեր։
Ճաշէն վերջ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդեցին դէպի Մէրամէթճեան վարժարան, որու երկրաշարժի դէմ ամրակայման աշխատանքները վերջնականօրէն հասած են իրենց աւարտին։ Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ տարի դպրոցի մէկ հատուածը ամրակայուած էր, իսկ այս տարի միւս հատուածի պարագային ալ նոյն անհրաժեշտ աշխատանքները կատարուեցան եւ այսպէսով ծրագիրը ի կատար ածուեցաւ։ Ուստի, վարժարանի մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը հատեց խորհրդանշական ժապաւէնը։ Ան պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ շրջայց մը կատարեց դպրոցէն ներս՝ արտայայտելով իր գնահատանքը տարուած աշխատանքի արդիւնքներու լոյսին տակ։
Ֆէղիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները դիտել տուին, որ Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային որեւէ զոհողութենէ չեն խուսափիր եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի աշակերտները ուսում ստանան թէ՛ անվտանգ մթնոլորտի մէջ եւ թէ բարձր որակով։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն ու յարատեւութիւն մաղթեց՝ հայահոծ այս թաղի բոլոր մարմիններու գործունէութեան համար։