ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԸ

Շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը ձեռնարկեց 2026-2027 շրջանի աշխատանքներուն։ Նոր եղանակի բացման հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ դպրաց դասու նախագահն է։ Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ջանքերով այս տարի եւս մանկապատանեկան կազմի գործունէութեան համար ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմանները։ Շանթ Էսմէր կ՚առաջնորդէ մանկապատանեկան կազմը, իսկ երգեհոնով կ՚ընկերակցի Ժերոմ Շիմշեքչաք։ Կամաւոր երիտասարդներ եւս իրենց աջակցութիւնը կը բերեն ծրագրին։

Նոր եղանակի բացման հաւաքոյթի ընթացքին դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց տղոց։ Նոր շրջանի առաջին փորձը անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ եւ եզրափակիչ փուլին բոլորը միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։

Արձակման փուլին բոլորը վստահ էին, թէ յառաջիկայ աշխատանքային շրջանը կը պսակուի յաջողութեամբ՝ շնորհիւ կարգապահութեան եւ հետեւողականութեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026