ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԷՋ
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, մեր այս պատմական սրբավայրը ընդգրկուած էր՝ Եւրոպայի ժամանգութեան օրերու ծրագրին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւնն է այս մէկը, ինչ որ մշակութասէրներու եւ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։
Եւրոպայի ժառանգութեան օրերու ծրագրին հիման վրայ՝ խումբ մը հետաքրքիրներ համախմբուեցան Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Գեղարուեստի պատմութեան մասնագէտ տքթ. Էլմոն Հանչէրի գլխաւորութեամբ, շուրջ երկուքուկէս ժամուան շրջայց մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս՝ ներառեալ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքին շիրիմը, որ կը գտնուի գետնայարկին։ Տքթ. Էլմոն Հանչէր, որ իր համալսարանի տոքթորական թեզը պատրաստած է Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ վրայ, հանգամանօրէն ներկայացուց բազմակողմանի տեղեկութիւններ, որոնք իսկապէս մագնիսացուցին ներկաներու ուշադրութիւնը։ Ան ո՛չ միայն բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ պատմութեան, նախկին եւ այժմու վիճակներու ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն, նաեւ անդրադարձաւ անոր հայ համայնքի տեսակէտէ կարեւոր նշանակութեան։
Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան այցելութեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց տքթ. Էլմոն Հանչէրին, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան եւ քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Աթա Աթէշին։
Եւրոպայի ժառանգութեան օրերը, որոնք Պէյօղլուի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին, հետամուտ են ռիսքի ենթակայ մշակութային ժառանգութիւնը խոշորացոյցի տակ պահելու՝ վերակենդանացման, յամառօրէն պահպանելու եւ երեւակայելու հետամուտ։