ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏ՝ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ 2026-2027 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Դպրոցը այս տարի 197-րդ անգամ իր դռները բացած է աշակերտներուն առջեւ։ Վերամուտի հանդիսութեան ներկայ էին Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը բառին բուն իմաստով գիրկընդխառնուեցան եւ հանդիսութենէն վերջ բռնեցին դասարանի ճանապարհները։

Ներկայ տարեշրջանի առաջին զանգը հնչեցուց Մայր վարժարանի շրջանաւարտուհի Եւգինէ Տեմիրճի, որ երախտաշատ կրթական մշակ մըն է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2026