ԲԱՅՑ ԵՍ ՉՕԳՆԵՑԻ…
-Մայրիկ, մայրիկ, անցեալ օրուան գրաւորիս արդիւնքը շատ լաւ է,- ուրախութեամբ գոչեց Մարալը՝ տուն մտնելով եւ փաթթուելով իր մօր։
-Ապրի՛ս, աղջիկս։ Միշտ լաւ արդիւնքներ ունենաս, որպէսզի ապագային կարենաս բարօր կեանք մը ունենալ։
-Մայրիկ, եթէ քու խորհուրդներդ չլսէի, վստահ եմ, որ ո՛չ այս եւ ո՛չ ալ միւս գրաւորներուս մէջ լաւ արդիւնքներ պիտի ստանայի։ Գիտեմ, որ երբեմն կը նեղացնեմ քեզ, չեմ ուզեր կատարել ըսածներդ, չեմ լսեր խորհուրդներդ… Կը ներես ինծի, չէ՞, մայրիկ։
-Անշուշտ, Մարալս, կը ներեմ։ Բայց դուն ալ պէտք է գիտնաս եւ միշտ միտքիդ մէջ պահես, որ լաւ արդիւնքներ ունենալու համար պէտք է աշխատիս, յաւելեալ ժամանակ տրամադրես՝ կարդալու, գրելու եւ դասերդ սերտելու։ Պէտք է նաեւ հետեւիս ուսուցիչներուդ խորհուրդներուն եւ կատարես անոնց տուած պարտականութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնք շատ կամ դժուար ըլլան։
-Մայրիկ, բայց երբեմն շատ-շատ պարտականութիւններ կու տան եւ ժամանակ չեմ ունենար խաղալու ու զուարճանալու մեր թաղի ընկերուհիներուս եւ ընկերներուս հետ։
-Բայց, չէ՞ որ շաբթուան մէջ նուազագոյնը երկու անգամ կը խաղաս անոնց հետ։ Յետոյ, չե՞ս յիշեր, թէ մօրաքոյրդ անցեալ անգամ ինչ կ՚ըսէր քեզի. «Ամէն բան իր ժամանակը ունի»։ Հիմա, երբ դպրոցական ուսումնական տարեշրջանը սկսած է, աւելի շատ ուշադրութիւն պէտք է դարձնես դասերուդ։ Իսկ երբ ժամանակ ունենաս, բնականաբար կրնաս խաղալ, զուարճանալ եւ պտտիլ…
-Կը յիշեմ, այո՛, բայց…
-Մարալս, հիմա գնա՛, պայուսակդ տեղը դիր, դպրոցի տարազդ փոխէ եւ տան հագուստներդ հագուէ։ Լուացուէ՛։ Հիմա ուր որ է հայրիկդ ալ տուն կը հասնի, որպէսզի նստինք եւ միասին ճաշենք։
Մարալ մտաւ իր սենեակը եւ մինչ կը պատրաստուէր դարձեալ դուրս գալ, յանկարծ յիշեց գրաւորի օրը ի՛նչ պատահած էր իր եւ Շողիկին միջեւ եւ դէմքը մռայլեցաւ: Նստաւ իր գրասեղանի կողքի աթոռին վրայ եւ սկսաւ մտածել: Արդեօք պատմէ՞ր իր ծնողքին պատահածը: Եթէ պատմէ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց արձագանգը. պիտի գովե՞ն զինք, թէ պիտի յանդիմանեն:
Այս մտածումներուն մէջ թաղուած ըլլալով, Մարալ չէր նկատած, որ իր հայրիկը արդէն եկած էր, իսկ մայրիկն ալ մի քանի անգամ կանչած էր զինք, որպէսզի երթար ճաշելու, մինչեւ որ մայրիկը գալով դուռը բացաւ ու մտահոգ, հարցուց.
-Մարա՞լ…:
Մարալ յանկարծ սթափեցաւ իր մտածումներու տարափէն եւ մեղմ ձայնով, պատասխանեց.
-Այո՛, մայրիկ:
-Մի քանի անգամ կանչեցի՝ չարձագանգեցիր, մտահոգուեցայ:
-Չէ մայրիկ, բան չկայ, հիմա անմիջապէս կու գամ: Հայրիկը եկա՞ւ:
-Այո՛ եւ կը սպասէ մեզի, որպէսզի երթանք ու ճաշենք, եւ դուռը գոցելով հեռացաւ:
Մարալ սթափելով այդ մտածումներուն պատճառած թմբիրէն, որոշեց պատմել իր ծնողքին պատահածը, պատրաստ ըլլալով ընդունիլ անոնց որեւէ մէկ արձագանգը՝ ըլլա՛յ գովասանք, ըլլա՛յ յանդիմանութիւն:
Մարալ միացաւ իր ծնողքին՝ սեղանին շուրջ եւ սկսան ճաշել, անշուշտ, իր հայրիկին բարեւելէ ու փաթթուելէ ետք։ Հայրիկը տեղեկացուց, թէ քիչ առաջ իր մեծ եղբայրը՝ Խաժակը, զանգած էր եւ տեղեկացուցած, թէ յառաջիկայ ամսուան վերջին օրերուն արձակուրդ վերցուցած էր եւ պիտի գար։
Մարալին ու իր մօր աչքերը ուրախութեամբ փայլեցան։
Գրեթէ աւարտած էին ճաշը, երբ Մարալ, աչքերը ամանին սեւեռած եւ մեղմ ձայնով, ըսաւ.
-Հայրիկ, մայրիկ, գաղտնիք մը կ՚ուզեմ բանալ ձեզի…
Մարալին հայրը հանգիստ ձայնով մը պատասխանեց.
-Ըսէ՛, աղջիկս, կը լսենք քեզի։ Ի՞նչ ըրած է մեր թագուհին։
-Հայրի՜կ, չեմ գիտեր՝ ըրածս սխա՞լ էր, թէ ճիշդ։
-Մարալս, ի՞նչ պատահած է,- մայրն էր։
-Հայրիկ եւ մայրիկ, դպրոցը վերջին օրերուն մեր ունեցած գրաւորին ժամանակ, Շողիկը քանի մը անգամ խնդրեց ինձմէ, որ օգնեմ իրեն եւ քանի մը հարցումներու պատասխանները ըսեմ իրեն, որպէսզի կարենայ զանոնք գրել…
Մարալ պահ մը լռեց։ Կոկորդը կը սեղմուէր։ Մայրը գաւաթ մը ջուր երկարեց անոր, որպէսզի խմէ։ Հայրը հարցուց.
-Դուն ի՞նչ ըրիր, աղջիկս։
-Սկիզբը մտածեցի պատասխանել ու օգնել իրեն, բայց յետոյ վախցայ…
Մայրը ընդհատեց անոր խօսքը եւ զարմացած հարցուց.
-Ի՞նչ բանէ վախցար, Մարա՛լ։
-Մայրիկ, վախցայ, թէ յանկարծ ուսուցիչը կրնայ անդրադառնալ մեր ըրածին եւ երկուքիս ալ ցած նիշ տալ…
Այս անգամ հայրը միջամտեց.
-Հապա ի՞նչ բանէ վախցար։
-Վախցայ, որ եթէ օգնեմ, պատճառ պիտի դառնամ, որ աւարտական քննութեան Շողիկը ցած նիշ ստանայ եւ ամբողջ տարուան աշխատանքը ի զուր անցնի։ Աւելին, մտածեցի, թէ լաւ է հիմա չօգնեմ իրեն, քան՝ օգնելով, աւելի վատ արդիւնքի մը պատճառ դառնամ…։ Արդեօք ճի՞շդ էր ըրածս։
Մարալին հայրը, լսելով իր աղջկան բացատրութիւնը, խոր շունչ մը առաւ եւ կնոջ նայելով՝ ժպտացին։ Ապա ան շոյեց Մարալին գլուխը եւ ըսաւ.
-Զաւակս, այս ե՞րբ հասար այսքան հասուննալու եւ այսպէս մտածելու։
-Մարալս, աղջիկս- այս անգամ մայրը խօսեցաւ,- արդէն մեծցեր ու ուշիմ դարձեր է…
Մարալը անգամ մը նայեցաւ հայրիկին եւ անգամ մը՝ մայրիկին։ Չէր հասկնար, թէ ի՛նչ էր անոնց այս խօսքերուն իմաստը։ Արդեօք գովասա՞նք էր, թէ մեղմ յանդիմանութիւն։
Այս մտածումներով տոգորուած՝ հարցուց.
-Հայրիկ, մայրիկ, հիմա ըրածս ճի՞շդ էր, թէ սխալ։
-Անշուշտ, որ ճիշդ էր, աղջիկս,- պատասխանեց մայրը,- եւ վարմունքիդ պատճառը արդէն դուն իսկ բացատրեցիր։
-Ե՞ս։
- Այո՛, դուն,- ըսաւ հայրը,- որովհետեւ գիտակցած ես, որ եթէ այդ պահուն օգնէիր Շողիկին, կրնայիր անոր աւելի վնասել, քան օգտակար ըլլալ։
-Բայց, հայրիկ, չէ՞ որ ես չօգնեցի…
-Ընդհակառակը, աղջիկս,- ըսաւ մայրը,- շատ մեծ օգնութիւն ըրած ես Շողիկին։ Թերեւս ան հիմա քեզմէ նեղացած ըլլայ կամ չհասկնայ քեզ, բայց ապագային հաստատ պիտի յիշէ այդ դէպքը եւ շատ հաւանաբար շնորհակալութիւն յայտնէ քեզի՝ իրեն չօգնելուդ համար։
Մարալին մտահոգութիւնները փարատած էին։ Ան ուրախ էր, որ իր կատարած քայլը ճիշդ էր։
Յաջորդ օրը, երբ դպրոց գնաց, առաջին բանը, որ ըրաւ, մօտեցաւ Շողիկին, բարեւեց եւ խնդրեց, որ քիչ մը խօսին։ Շողիկ, թէեւ դժկամութեամբ, բայց համաձայնեցաւ եւ առանձնացան իրենց դասարանակիցներէն։
Մարալը սկսաւ հանդարտ խօսիլ.
-Շողիկ, նեղուա՞ծ ես ինձմէ։
-Այո՛, նեղուած եմ, Մարա՛լ։ Դուն շատ լաւ գիտես, որ նեղուած եմ։ Հիմա ինչո՞ւ չգիտնալ կը ձեւացնես։
-Շողիկ, չգիտնալ չեմ ձեւացներ։ Ընդհակառակը, կ՚ուզեմ, որ ճիշդ հասկնաս զիս։
-Բայց, Մարալ, այստեղ ի՞նչ բանը պէտք է ճիշդ հասկնամ։ Դուն չուզեցիր օգնել ինծի եւ պատճառովդ ցած նիշ ստացայ։
-Շողիկ, ինչո՞ւ իմ պատճառովս։ Չէ՞ որ նոյն դասերը թէ՛ դուն, թէ՛ մենք բոլորս անցած ենք եւ բոլորս ալ սորված ենք։ Ես կրնայի քեզի օգնել, բայց մտածեցի, որ եթէ հիմա օգնեմ, դուն պիտի չկարենաս հասկնալ քու սխալներդ եւ չգիտցած ու չսորված դասերդ պէտք եղածին պէս սորվիլ, իսկ տարեվերջին աւելի մեծ ու ծանր դժուարութեան պիտի հանդիպիս, որով ամբողջ տարուան աշխատանքդ ի զուր պիտի անցնի։ Պարզապէս այս պատճառով չուզեցի օգնել քեզի։ Այլապէս ինչո՞ւ համար պիտի չօգնէի։
Շողիկ, Մարալին խօսքերը լսելով, սկսաւ յուզուիլ։ Աչքերը արցունքոտեցան եւ երբ Մարալ դադրեցաւ խօսելէ, ամուր կերպով գրկեց զինք ու փսփսալով անոր ականջին՝ ըսաւ.
-Մարալ, ընկերուհիս, շնորհակալ եմ, որ չօգնեցիր ինծի։ Ես այդպէս չէի մտածած։ Հիմա, սակայն, հասկցայ… Մարալ, այսօր իսկ պիտի սկսիմ այն դասերը սորվիլ, որ լաւ չեմ սորված ու հասկցած, որպէսզի յետագային դժուարութիւններու չհանդիպիմ։ Բայց խնդրանք մը ունիմ քեզմէ։
-Հրամմէ՛, Շողիկ։
-Եթէ սորվելու ընթացքին օգնութեան կարիք ունենամ, կրնա՞ս օգնել ինծի…
-Անպայման, ընկերուհիս, սիրով կ՚օգնեմ…
Այդ պահուն առաջին դասապահի զանգը հնչեց, եւ Մարալն ու Շողիկը՝ ուրախ ու շողացող դէմքերով, դասարան մտան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ