ՀԻՆԻՆ ԵՒ ՆՈՐԻՆ ՄԻՋԵՒ

Որքան հետաքրքրական է, բարեկամնե՛ր, որ մեր հայրենի իրականութեան մէջ գրեթէ ամէ՛ն շաբաթ ընկերային հարթակներն ու լրատուական միջոցները ուղղակի «ցնցող» դէպք մը, լուր մը, իրողութիւն մը ունինք: 

Մեզի պէ՞ս են, արդեօք, բոլոր երկիրները: 

Չենք կրնար հետեւիր բոլորին՝ վերջապէս. մերինին հետեւիլը, աւելի ճիշդ՝ հետեւիլ ուզելն ու որեւէ պատճառով փախուստ չտալը ինքնի՛ն «պրաւօ»ի արժանի քաջութիւն մըն է այսօր, ցաւօք: 

Նոյն քաջութեամբ անցնինք մեր վերջին «ցնցումին»: 

Անհրաժեշտ բացատրութիւն. 

PISA-ն OECD-ի միջազգային հետազօտութիւն մըն է, որ կը գնահատէ 15 տարեկան պատանիներու գիտելիքները եւ, ամենակարեւորը, այդ գիտելիքները իրական իրավիճակներու մէջ կիրառելու անոնց կարողութիւնը։ Այսինքն, հոս այդքան ալ կարեւոր չէ՛, թէ պատանին քանի՛ բանաձեւ կամ կանոն «գոց» գիտէ. ստուգուածն այն է, թէ աշակերտը կրնա՞յ կարդացածը հասկնալ, տրամաբանել, խնդիր լուծել ու տուեալներէն եզրակացութեան հասնիլ։

Անցնինք իրողութեանց. 

2025-ի հետազօտութեան մասնակցած է 91 երկիր եւ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է Հայաստանը. 295 դպրոցներէ ընդգրկուած են շուրջ 7000 աշակերտ։

Արդիւնքները հետեւեալն են․

Մեր 15 տարեկաններուն ընդամէնը 19 առ հարիւրը հատած է ընթերցանութեան նուազագոյն շեմը, իսկ թուաբանութեան ու բնագիտութեան ցուցանիշը 28-ական տոկոս է։ 

Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ 15 տարեկան հինգ աշակերտէն չորսը հիմնական ընթերցանութեան հմտութիւններ չունի: 

Մասնակից 91 երկիրներուն մէջ, վերջէն երրորդ ենք։

Կարեւոր ու նշանակալից այսպիսի հետազօտութեան մը, ինչո՞ւ մինչեւ այսօր չէ մասկացած Հայաստանը. հարցում: 

Փախո՞ւստ առերեսումէն, թէ ինչպէս միշտ՝ մեր հիւսած պատ-րանքներուն պահպանում: 

Վերջը՞: 

Ո՞ւր են այդ պատրանքներն այսօր: 

Ամէն տեղ բացայայտուած այս արդիւնքներէն վերջ խօսք առին տուեալ ոլորտի առաջին պատասխանատու՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարուհի՝ Ժաննա Անդրէասեանն ու, բնականաբար, մեր երկրի վարչապետը: 

Բազմիցս յայտարարուեցաւ, թէ մեր նախարարուհիին ջանքերո՛վ է, որ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ այս հետազօտութեան. շատ բարի՛, անսահման երախտիք, անկասկած, այս իրողութիւններուն դէմ-յանդիման գալու առիթին համար, իսկ «պատասպանատու» ձեր յայտարարութիւնները՞: 

13 տարեկան պատանի մը դաստիարակող մայր մը ըլլալուս եւ տարիներէ ի վեր դպրոցի ու դաստիարակութեան ոլորտէն ներս գտնուելուս համար կրնամ հաստատել, թէ խնդիր մը լուծած կամ զայն լուծելու հիմնական սկզբունքը բացատրած պահուս, ծնող թէ՛ ուսուցիչ՝ չի տարբերիր, երկու պարագաներուն ալ նախ ի՛նքս պատասխանատու կ՚ըլլամ եւ ինծի հետեւողին ալ պատասխանատո՛ւ ըլլալ կը սորվեցնեմ: 

«Ես չըրի՛», «ի՛նքը ըրաւ», «ես չե՛մ, ա՛ն է սխալողը» ըսելով որեւէ խնդիր, մանուկներուն շարքի կենալէն մինչե՜ւ երկրի մը ազգային անվտանգութեան խնդիրները՝ չե՛ն լուծուիր: 

Ես այսպէս գիտեմ. 

Դիմացս ելած խնդիրը լուծելու (չլուծելու) համար, անոր գոյութեան պատճառները այլոց վրայ չե՛մ նետեր: 

Լաւ. ի՞նչ ըսին մեր երկրի «պատասխանատուները»: 

Ըսին, որ մրցումին մասնակից 15 տարեկան պատանիները 7 տարի «նախկին սիստեմի» ուսման համակարգին հետեւած են եւ այդ «հին» համակարգին «հին» ու բնականաբար «սխալ» կրթութեան հետեւանքն է աղէտալի այս արդիւնքը: 

«Չթեսթաւորուած ուսուցիչներն ու տգէտ տնօրէնները պէտք է դուրս նետուին», ըսաւ մեր վարչապետը: 

Դեռ ինչպիսի՛ ածականներ կարելի է տեղադրել «ուսուցիչ»ին եւ «տնօրէն»ին դիմաց: 

Ըստ էութեան, այս ոլորտով հետաքրքրուողները գիտեն, որ վերջին տարիներուն «արմատական»  փոփոխութիւններ ու մե՜ծ «բարենորոգումներ» կատարած է մեր կառավարութիւնը հայրենի մեր դպրոցներուն եւ ուսման համակարգէն ներս, քանի որ «կրթութիւնը նորաձեւ է»: 

Արդեօ՞ք, կը հարցնեմ: 

Աչք մը նետեցէ՛ք այս խնդիրը արծարծող որեւէ յօդուածի տակ տեղադրուած հարիւրաւոր ծնողներու, ուսուցիչներու եւ տարբեր սերունդներ հասցնող կրթական մշակներու քաղաքավարօրէն եւ ամենակարեւորը՝ սրտցաւութեամբ արտայայտած  կարծիքներուն. 

Խրթին ու անդուրեկան դասագիրքեր, անտեղի նիւթեր, չբացուող QR քոտեր, տետրեր, տետրե՜ր, այլեւայլ անիմաստ թղթաբանական խնդիրներով ծանրաբեռնուած ուսուցիչներ, եւ այլն եւ այլն... 

Սո՞ւտ են այս բոլորը:

Տարիներէ ի վեր նոյն թեզն է համարեա՛ ամէն տեղ. հին դպրոցը հինցած է, հին չափանիշը՝ արդիւնաւէտ չէ՛ եւ ուսուցիչին պատրաստուածութիւնը բաւարար չէ: 

Լա՛ւ. ուսուցիչը կարելի է ստուգել (թեսթաւորել), թէ բաւարար գիտելիք ունի՞ ան դասարան մտնելու համար, հասկնալի՛ է, իսկ կրթական ամբողջ համակարգ մը փոխողները պէտք չէ՞ ստուգուին: Ո՞վ կը ստուգէ զանոնք:

Ո՞վ կը ստուգէ, որ բաւարար գիտելիք ունի՞ն անոնք մանկավարժութեան, հոգեբանութեան, գնահատանքին, կրթական չափանիշներուն եւ ծրագիրերներուն մասին: 

Ո՞վ կը հաստատէ, թէ անոնք կրնա՞ն բարեփոխում մը ընել. գիտե՞ն, թէ ի՛նչը, ինչո՞ւ կը փոխեն, ինչո՞վ պիտի փոխարինեն զայն եւ, խնդրե՛մ, ի՞նչ արդիւնք կ՚ակնկալեն։

Ինչ դիւրի՛ն է «փոխելը», առաւելաբար՝ «բա՛րեփոխելը»: 

Ինչ դիւրին է «հինը» քարկոծելը, զայն վատաբանելը,  անպայման սխալ հանելն ու «նոր»ին մէջ իւրաքանչիւր սխալ «հինին» վրայ նետելը: 

Դժուարները ըսեմ «նորարարութեան». 

Ունեցած լաւն ու արդիւնաւէտը պահպանելը:

Չնուաստացնելն ու գնահատելը: 

Հին փորձառուն դուրս չշպրտելն ու անոր փորձառութենէն օգտուիլը:

Թերութիւնը գտնելն ու զայն ուղղելը: 

Նորը փորձելը եւ անոր յաջո՛ղ արդիւնքը ապացուցելէն վերջ միայն՝ ամբո՛ղջ համակարգի մը վրայ տարածելը:

«Հինը» վատաբանելով բարեփոխուած «նոր» մը չի՛ կառուցուիր:

Ժամանակը պիտի փաստէ, թէ որքանո՜վ անհրաժեշտ ու արդիւնաւէտ էին մեր «նորաձեւ բարեփոխումները»:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026