ՌԻՉԸՐՏ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՏԱԿ

Ցաւով տեղեկացանք, որ Իսթանպուլի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի՝ Երեւանէն յայտնի վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան։ Այս վերջինը քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուէր Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունենալէ վերջ, Ռիչըրտ Կիրակոսեան անցած է Իսթանպուլ։ Դժբախտաբար, քաղաքիս մէջ կեցութեան ընթացքին ունեցած է ուղեղային խռնում մը։ Ան անմիջապէս փոխադրուած է Օքմէյտանըի հիւանդանոցը, ուր ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։

Ռիչըրտ Կիրակոսեան մասնագէտներու խնամքին առարկայ դարձած է, սակայն, առ այժմ իր առողջական վիճակի կամ դարմանման ընթացքին կապակցութեամբ որեւէ կանխատեսում ընել դժուար է։

Արագ ապաքինում կը մաղթենք վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026