ՈՒՍՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՎԻԵՆՆԱ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու յառաջիկայ շրջանին պիտի մեկնի Վիեննա՝ երաժշտական ուսումը կատարելագործելու համար։ Պոլսահայ երաժշտական եւ ընդհանրապէս գեղարուեստական, ընկերամշակութային կեանքէն ներս վերջին տարիներուն Պարէտ Չաղլըչուպուքճու ուշադրութիւն կը գրաւէ իր վերելքով։ Ան արհեստավարժ ըլլալու ճանապարհին յաւակնոտ քայլեր կ՚առնէ, ինչ որ իսկապէս ուրախութիւն կը պատճառէ համայնքային շրջանակներուն։ 

Վիեննա մեկնելէ առաջ, երէկ, Պարէտ Չաղլըչուպուքճու այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանին։ Ան յայտնեց, որ ուսման համար արտասահման մեկնելէ առաջ փափաքած էր ստանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը վերահասու դարձաւ երիտասարդ արուեստագէտի ապագայ ծրագիրներուն եւ որդեգրած նպատակներուն շուրջ։ Ան իրեն փոխանցեց իր բարձր գնահատանքը, օրհնութիւններն ու մանաւանդ՝ յաջողութեան մաղթանքները, որպէսզի ապագային նուաճէ գագաթներ։ 

Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի մայրը՝ մեներգչուհի Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026