ԷԼԻԶԷԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Փաշինեան Փարիզ մեկնած է՝ մասնակցելու համար Միջազգային տիեզերական գագաթաժողովին, որ կը համախմբէ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարները։ Էլիզէի պալատին մէջ, Փաշինեան պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորուեցաւ Մաքրոնի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները կարեւորեցին Երեւան-Փարիզ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը բոլոր ուղղութիւններով՝ համահունչ ռազմավարական համագործակցութեան երկկողմանի հռչակագրին։

Փաշինեան եւ Մաքրոն ընդգծեցին, որ տնտեսական համագործակցութիւնը երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան առաջնային ուղղութիւններէն մին է։ Այս ամբողջին մէջ կողմերը շեշտեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տնտեսական ոլորտէ ներս զանազանութեան ուղղեալ հետեւողական քայլերու իրագործումը։ Գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ, որ Բարգուշատի փապուղիի կառուցման աշխատանքները թեւակոխած են առարկայական փուլ։ Այս առումով կարեւորուեցաւ շինարարական աշխատանքներու հնարաւորինս շուտ սկսիլը։

Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն։ Ընդգծուեցաւ խաղաղութեան ամրապնդման միտուած քայլերու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին՝ ի պատիւ Միջազգային տիեզերական գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026