ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

2026-2027 կրթական շրջանէն սկսեալ, մեր համայնքի համալսարանականներու համար յատկացուած կրթաթոշակներու պարագային կատարուած է նոր կարգադրութիւն մը եւ մանաւանդ՝ դիմումներուն համար ստեղծուած միասնական համակարգ մը։ tekbasvuru.org կը կոչուի այս առցանց միասնական համակարգը, որու դիմումները երէկուան դրութեամբ արդէն սկսած են։ Այսպէս, երէկ սկսած է արձանագրութիւններու փուլը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 14-ը։ Արձանագրութիւններու աւարտին, 14-30 սեպտեմբեր թուականներուն ալ բուն դիմումները պիտի կատարուին։

Մեր համայնքէն ներս համալսարանականներուն կրթաթոշակ կը յատկացնեն հետեւեալ ութ վաքըֆները. Յովհաննէս-Կիւմիւշեան հիմնարկը, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, SEV-ը եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը։

Այս ութ կառոյցները միասնական կարգադրութեան մը գացած են՝ խրախուսելու համար համալսարանականները։ Նախատեսուած կրթաթոշակները երկու անուանակարգերու մէջ պիտի յատկացուին։ Անոնցմէ մին է յաջողութեան կրթաթոշակը, իսկ միւսը տարիքի կրթաթոշակը։ Այս երկու անուանակարգերու պարագային ալ տուեալ կրթական շրջանի տեւողութեան ինն ամիս համալսարանականները պիտի շարունակեն ունենալ իրենց նպաստը։

tekbasvuru.org կայքէջին վրայ կարելի է գտնել այլ մանրամասնութիւններ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026