ԿԱՐՕ ՓՕԼԱՏԵԱՆ-ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ…
Պատմութեան անցած սփիռքահայ երկու ուրոյն դէմքերու՝ Կարօ Փօլատեանի եւ Վահէ Օշականի միջեւ զրոյցը հրատարակուած է 1970 թուականին՝ Կարօ Փօլատեանի «Զրոյց»ներու շարքի չորրորդ հատորին մէջ։ Այդ զրոյցներու ընթացքին Փօլատեան բացառիկ համբերութեամբ եւ մտերմիկ լարուածութեամբ, խօսեցուցած է իր ժամանակի նշանաւոր մտաւորականները։ Ինչ կը վերաբերի Վահէ Օշականի հետ զրոյցին, ապա կրնանք ըսել, որ իր ժամանակին մէջ դիտուած այդ զրոյցը կը յատկանշուի աննախադէպ անկեղծութեամբ։ Օշական այնտեղ չի սահմանափակուիր գրականութեան, մշակոյթի կամ քաղաքական կացութեան ընդհանուր գնահատականներով, այլ կ՚անդրադառնայ ամենէն զգայուն ու խոցելի հարցին՝ ո՞վ է իր աչքին «միջին վիճակագրական հայը»։
Բաւական ջղուտ, երբեմն սադրիչ տողերով, Օշական կը փորձէ բնութագրել սփիւռքի մէջ ապրող հայը՝ ո՛չ թէ իբրեւ առասպելական կամ պատմական կերպար, այլ իբրեւ իր օրերու կենդանի, շփոթուած, հակասութիւններով լի մարդը։ Ամենաերեւելի հայագաղութներուն մէջ՝ ըլլայ ան Պոլիս, Պէյրութ թէ՛ Հալէպ, ան կը տեսնէ ինքնութեան անորոշ սահմաններու մէջ տատանուող, երբեմն ինքնախաբէութեան մէջ ապաստանած, երբեմն ալ անցեալի փառքով մխիթարուող անհատ մը։
Այս զրոյցը, հետեւաբար, պարզ հարցազրոյց մը չէ։ Ան ժամանակի մը հոգեբանական դիմանկարն է՝ արձանագրուած սուր լեզուով եւ մտածողութեան անզիջում մղումով։ Այստեղ Օշական կը քանդէ կեղծ հպարտութիւնները, կը ծաղրէ լրագրական հայրենասիրութիւնը եւ կը փորձէ մերկացնել այն իրականութիւնը, որուն մէջ, իր համոզումով, ապրած է սփիւռքի հայութիւնը։
Այս նախաբանով ընթերցողը կը մտնէ ո՛չ միայն երկու մտաւորականներու զրոյցի աշխարհը, այլ նաեւ ամբողջ սերունդի մը ինքնաքննութեան դաշտը։
Ստորեւ կը ներկացնենք Վահէ Օշականի հետ Կարօ Փօլատեանի զրոյցի ամենաուշագրաւ հատուածներէն մին։
*
-Մեծ ցնցումներէ, պզտլիկ ջղայնութիւններէ ու պատանեկան շնչատ խանդավառութիւններէ ծագում առած՝ արուեստական գրգռումի մը մէջ ապաստանած՝ արտասահմանի հայերս (սահման բառը ո՛չ միայն Հայաստանի կը վերաբերի, այլեւ կը պատշաճի ամբողջ աշխարհին) հասեր ենք ուրեմն, ի վերջոյ, մենք ալ չենք գիտեր ի՛նչպէս՝ մեր պատմութեան, առաջին յիսնամեակին, մարդկութեան պոչին է՛ն ծայրը…
-Է՜, աղուոր սկսար, Վահէ՛. շարունակէ՛, խնդրեմ:
-Մեր ուժերը հին գորգի մը պէս թանկարժէք, բայց անգործածելի, քաղաքականապէս տհաս, մշակութային մարզին մէջ բոպիկ ու թանգարանային, ընկերային կեանքով - Ֆօթօ Արարտի տեքօռ…: Եթէ չունենայինք քանի մը ինքնաբաւ, անդաստական նկարիչներ, քանի մը կորսուած, շուարած երաժիշտներ, մոլեռանդ գիտնական մը հո՛ս, մռայլ լուսանկարիչ մը հո՛ն, անդին կիսավայրենի միլիոնատէր մը՝ կրնայինք գիշեր մը ազգովին անհետանալ աշխարհէն ու ո՛չ ոք պիտի անդրադառնար առաւօտուն, թէ մարդկութեան դրամագլուխէն բան մը պակսեր է։
-Կը յուսամ, թէ այս ըսածներդ կը վերաբերին միայն արտասահմանի հայութեան եւ թէ մեր հայրենի՜քը…