ԺԱՄԱՆԱԿԸ՝ ՍԻՐՈՅ ԱՄԵՆԱԱՆԿԵՂԾ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

«Քու վարդդ միւս վարդերէն աւելի կարեւոր դարձնողը անոր յատկացուցած ժամանակն է», կ՚ըսէ Փոքրիկ Իշխանը։ Այս պարզ նախադասութեան մէջ թաքնուած է մարդկային յարաբերութիւններու ամենախոր ճշմարտութիւններէն մէկը։ Որովհետեւ կեանքի մէջ որեւէ բան ինքնին այնքան արժէքաւոր չի դառնար, որքան այն սէրը, խնամքը, համբերութիւնը եւ ժամանակը, ինչ որ մենք կը տրամադրենք անոր։

Աշխարհը մեզի սորվեցուցած է ամէն ինչ արագ գնահատել։ Մարդիկ կը հանդիպին, կը ծանօթանան, կը բաժնուին, կը մոռնան։ Յարաբերութիւնները երբեմն կը չափուին նամակի մը արագ պատասխանով, հեռաձայնի մը տեւողութեամբ, քանի մը «սրտիկ»ով կամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած փոքրիկ ուշադրութիւններով։ Մենք այնքան սովոր դարձած ենք արագութեան, որ մոռցած ենք, թէ իրական արժէքը դանդաղ կը կառուցուի։

Մարդ մը մեզի համար առանձնայատուկ չի դառնար միայն անոր համար, որ ան աշխարհի միւս բոլոր մարդոցմէ տարբեր է։ Ան առանձնայատուկ կը դառնայ, որովհետեւ սկսած ենք ճանչնալ անոր լռութիւնները, հասկնալ անոր վախերը, յիշել անոր փոքրիկ սովորութիւնները, նկատել անոր ձայնի փոփոխութիւնը, երբ տխուր է եւ հասկնալ այն բաները, զորս ան երբեք չ՚ըսեր։

Ժամանակը այս բոլոր մանրուքները կը հաւաքէ եւ անոնցմէ կը ստեղծէ կապ մը։ Երբ առաջին անգամ ծաղիկ մը կը տեսնենք, ան կրնայ գեղեցիկ ըլլալ։ Բայց երբ ամէն օր կը ջրենք զայն, կը հետեւինք անոր աճին, կը պաշտպանենք ցուրտէն, կը սպասենք նոր ծաղիկներուն՝ այդ ծաղիկը այլեւս պարզապէս «ծաղիկ» մը չ՚ըլլար։ Ան կը դառնայ մեր կեանքի մէկ մասը։ Եւ եթէ մէկը մեզի հարցնէ, թէ ինչո՞ւ ան այսքան կարեւոր է, թերեւս կը դժուարանանք բացատրել։ Որովհետեւ անոր արժէքը միայն անոր գեղեցկութեան մէջ չէ։ Անոր արժէքը մեր յատկացուցած ժամանակին մէջ է։

Նոյնն է նաեւ մարդոց պարագային։ Մենք կրնանք անհամար մարդոց հանդիպիլ մեր կեանքի ընթացքին։ Կրնանք բազմաթիւ անուններ ճանչնալ, հազարաւոր դէմքեր տեսնել, բազմաթիւ բարեկամութիւններ ունենալ։ Սակայն, միայն քանի մը մարդ կը հասնի այն կէտին, ուր անոնք կը դառնան «մեր մարդիկը»։ Ո՛չ թէ որովհետեւ անոնք անպայման կատարեալ են, այլ որովհետեւ մենք ժամանակ տրամադրած ենք անոնց։

Սիրելը միայն զգացում մը չէ։ Սիրելը նաեւ ժամանակ տրամադրել է. ժամանակ տրամադրել՝ երբ ուրիշ գործեր ունիս, բայց կը մնաս լսելու համար։ Ժամանակ տրամադրել՝ երբ նոյն պատմութիւնը կրկին կը լսես, որովհետեւ գիտես, որ այդ մարդուն համար ան կարեւոր է։ Ժամանակ տրամադրել՝ երբ ան լռած է եւ չես ստիպեր, որ խօսի։ Ժամանակ տրամադրել՝ երբ ան սխալած է եւ դուն որոշած ես անմիջապէս չդատել։ Ժամանակ տրամադրել՝ երբ ամէն ինչ դիւրին է, բայց միեւնոյն ժամանակ նաեւ՝ դժուար։

Ահա թէ ինչու երբեմն ամենաթանկ նուէրը ո՛չ ոսկին է, ո՛չ ծաղիկը, ոչ ալ թանկարժէք իր մը։ Ամենաթանկ նուէրը այն ժամանակն է, որ մէկը կրնար ուրիշ տեղ անցընել, բայց կ՚ընտրէ մեր կողքին մնալ։ 

Մեր ժամանակը մեր կեանքն է։ Երբ մէկուն ժամանակ կը յատկացնենք, իրականութեան մէջ մեր կեանքէն բաժին մը կը նուիրենք անոր։ Եւ թերեւս այդ է սիրոյ ամենագեղեցիկ սահմանումը. «Ես իմ կեանքէս որոշ ժամանակ մը քեզի համար կը պահեմ»։

Այսօր մարդիկ շատ բաներ ունին, բայց ժամանակ չունին։ Ունին հեռաձայններ, բայց երբեմն չեն հեռաձայներ։ Ունին հաղորդագրութիւններ ուղարկելու հազարաւոր միջոցներ, բայց չունին քանի մը անկեղծ նախադասութիւն ըսելու ժամանակ։ Ունին հազարաւոր ծանօթներ, բայց երբեմն մէկ հոգի իսկ չունին, որուն հետ կրնան լուռ նստիլ՝ առանց իրենց լռութիւնը բացատրելու։

Մենք սկսած ենք ժամանակը խնայել սխալ բաներէն։ Ժամանակ կը խնայենք մեր սիրած մարդուն հետ երկար խօսելէ, բայց ժամեր կը կորսնցնենք մեզի համար ոչինչ նշանակող բաներու վրայ։ Ժամանակ չունինք ծնողներուն այցելելու, բայց ժամանակ կը գտնենք անվերջ շրջելու հեռաձայնի պաստառին վրայ։ Ժամանակ չունինք բարեկամի մը հարցնելու՝ «ի՞նչպէս ես, իսկապէս», բայց ժամանակ ունինք ուրիշներու կեանքերը դիտելու եւ համեմատելու։

Եւ օր մը յանկարծ կը հասկնանք, որ այն մարդիկը, որոնք կը կարծէինք, թէ միշտ մեր կողքին պիտի ըլլան, այլեւս այնտեղ չեն։ Այդ պահուն կը հասկնանք, որ ժամանակը վերադառնալի չէ։

Կարելի է նոր հեռաձայն գնել, նոր տուն կառուցել, նոր զգեստ հագնիլ, նոր տեղեր այցելել։ Բայց կարելի չէ վերադարձնել այն երեկոն, երբ բարեկամ մը քեզի կը սպասէր, իսկ դուն ըսիր՝ «վաղը կու գամ»։ Չես կրնար վերադարձնել այն պահը, երբ սիրելի մը քեզի պէտք ունէր, իսկ դուն շատ զբաղած էիր։ Չես կրնար կրկին ապրիլ այն օրը, երբ մէկը, որուն համար կարեւոր էիր, քեզի հետ պարզապէս քանի մը վայրկեան խօսիլ ուզեց, իսկ դուն մտածեցիր, թէ բաւարար ժամանակ չունիս։

Ժամանակը միշտ «յետոյ» բառին ամենամեծ թակարդն է։ «Յետոյ կը հեռաձայնեմ»։ «Յետոյ կը հանդիպինք»։ «Յետոյ կը խօսինք»։ «Յետոյ կ՚ըսեմ, թէ որքան կը սիրեմ քեզ»։ Բայց կեանքը մեզի ո՛չ մէկ երաշխիք տուած է այդ «յետոյ»ին մասին։

Փոքրիկ Իշխանի վարդը կարեւոր դարձաւ ո՛չ թէ որովհետեւ տիեզերքի միակ վարդն էր։ Ան կարեւոր դարձաւ, որովհետեւ Փոքրիկ Իշխանը ժամանակ տրամադրած էր անոր։ Ան հոգ տարած էր։ Ան մտահոգուած էր։ Ան վերադարձած էր անոր մօտ։ Ան իր ժամանակէն բաժին մը տուած էր այդ փոքրիկ արարածին։ Եւ այդ է, որ յարաբերութիւնները յատուկ կը դարձնէ։

Երբ մէկը քեզի համար ժամանակ կը ստեղծէ, նոյնիսկ երբ զբաղած է, ան քեզի կը յայտնէ, որ դուն իր կեանքին մէջ տեղ մը ունիս։ Իսկ երբ մարդ մը շարունակ կը յետաձգէ քեզ, կը գտնէ պատճառներ, կը ներկայանայ միայն այն ժամանակ, երբ իրեն յարմար է, գուցէ պէտք է հասկնալ, որ երբեմն բացակայութիւնը նոյնպէս պատասխան մըն է։ Որովհետեւ սէրը միայն «ես քեզ կը սիրեմ» ըսելը չէ։ Սէրը այն է, որ այդ խօսքերը տեսանելի կը դառնան ժամանակի ընթացքին։

Ի վերջոյ, մեր կեանքի ամենաթանկ մարդիկը անոնք են, որոնք իրենց ժամանակէն բաժին մը դրած են մեր կեանքին մէջ։ Ուստի, պէտք է հարցնենք մենք մեզի. ո՞վքեր են մեր վարդերը։ Որո՞ւն կը յատկացնենք մեր ժամանակը։ Որո՞ւն կը սպասենք։ Որո՞ւն ցաւը կը նկատենք։ Որո՞ւն ուրախութիւնը կը բաժնենք։ Որո՞ւն ներկայութիւնը չենք ուզեր կորսնցնել։

Մարդիկ այս ամենակարեւոր ճշմարտութիւնը իսկապէս սկսած են մոռնալ. արժէքը միշտ պատրաստի վիճակի մէջ չի գտնուիր։ Արժէքը կը ստեղծուի մեր տուած ժամանակով, ուշադրութեամբ եւ սիրով։

Իսկ այն ինչին, որ մեր ժամանակէն, մեր համբերութենէն, մեր սրտէն եւ մեր ներկայութենէն բաժին մը տուած ենք, ան այլեւս սովորական չէ։ Ան մերն է։ Ինչպէս Փոքրիկ Իշխանի վարդը։

Եւ գուցէ կեանքի վերջաւորութեան մենք պիտի չյիշենք, թէ քանի՛ ժամ աշխատեցանք, որքա՛ն դրամ շահեցանք, քանի՛ մարդ մեզ ծափահարեց կամ քանի անգամ ուրիշներ փորձեցին մեզ համոզել, որ զբաղած ըլլալը կարեւոր մարդ ըլլալու նշան է։

Մենք պիտի յիշենք այն մարդիկը, որոնց հետ ժամանակ անցուցինք։ Այն ձեռքերը, որոնց բռնեցինք։ Այն զրոյցները, որոնք երկարաձգեցինք, որովհետեւ չէինք ուզեր վերջացնել։ Այն մարդիկը, որոնց համար ժամանակ գտանք։ Որովհետեւ վերջապէս պիտի հասկնանք, որ մենք մեր ժամանակով կը կառուցենք մեր կեանքը։

Եւ ամէն անգամ, երբ մեր ժամանակէն կտոր մը կը նուիրենք մէկու մը, մենք նաեւ մեր կեանքէն փոքրիկ բաժին մը կը դնենք անոր մէջ։ Այդ է պատճառը, որ ան մեզի համար այլեւս սովորական մարդ չի մնար։ Ան կը դառնայ՝ մեր վարդը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026